ՎԱՐՊԵՏՆԵՐ ԵՒ ՍԿՍՆԱԿՆԵՐ

Երեւանի «Վահան Թէքէեան» կեդրոնի երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որու այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած են թէ՛ յայտնի եւ թէ սկսնակ յայտնի լուսանկարիչներու գործերը։ Արեւածագէ մինչեւ գիւղական առօրեայ, քաղաքային տեսարժան վայրերէ մինչեւ ծաղկաշատ այգիներ կամ աշխատաւոր մարդոց դիմանկարներ… Ցուցահանդէսի մէջ ընդգրկուած դրուագները կը ցոլացնեն իսկապէս մեծ զանազանութիւն։ Անոնց շարքին կան թէ՛ գունաւոր եւ թէ սեւ-սպիտակ գործեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բազմաթիւ լուսանկարներ ընդգրկուած են «Վահան Թէքէեան» տարեկան մրցանակաբաշխութեան գեղարուեստական լուսանկարչութեան անուանակարգին մէջ։

Ցուցահանդէսը պիտի եզրափակուի վաղը։ Հայաստանի «Թէքէեան» մշակոյթային միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեան ուրախութիւն յայտնեց, որ որոշ դադարէ մը վերջ գեղարուեստական լուսանկարչութեան անուանակարգը կրկին սկսած է մաս կազմել տարեկան մրցանակաբաշխութեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021