ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ։ Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացան Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը եւ իրաւաբան Էօմէր Քանթիք։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ վաքըֆներու զանազան հարցերուն եւ այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Տիարպաքըրի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կացութիւնը։ Զեքիեան Գերապայծառի այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի այդ եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքին եւ գործածութեան հարցերուն մասին կատարուին կարեւոր տնօրինութիւններ։

Ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Զեքիեան Գերապայծառի եւ իրաւաբան Էօմէր Քանթիքի կողմէ ներկայացուած բացատրութիւններուն՝ այդ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին։ Զեքիեան Գերապայծառ մատնանշեց, որ Տիարպաքըրի մէջ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը բոլորովին նօսր վիճակի մը մէջ է, ինչ որ պատճառ կը դառնայ այդ սրբավայրէն ներս մնայուն կերպով պաշտամունք կատարելու գործնական դժուարութիւններու։ Ուստի, Գերապայծառը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ կառոյցը կարելի է օգտագործել մշակութային, կրթական, գիտական եւ ուսումնական ձեռնարկներու համար՝ պահպանելով անոր ճարտարապետական դիմագիծը եւ բոլորովին յարիր ձեւով անոր սրբավայրի բնոյթին։ Միեւնոյն ժամանակ, ան փոխանցեց իր եւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կամքը, որպէսզի երբ որ փափաքին՝ կարողանան, կանխաւ իմացնելով, անխափան պաշտամունք կատարել եկեղեցւոյ մէջ։

Նոյն օրը՝ սեպտեմբերի 27-ի յետմիջօրէին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան խորհուրդի նիստը, որու ընթացքին մասնաւոր որոշում մը ընդունուեցաւ՝ Զեքիեան Գերապայծառի դիմումին ընդառաջ։ Տիարպաքըրի հայ կաթողիկէ եկեղեցին մեծապէս վնասուած էր պատմական Սուր թաղամասէն ներս տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին ու վերանորոգուած՝ պետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Այժմ անոր պահպանութիւնը, ապահովութիւնն ու հոգատարութիւնը կը յանձնուի Տիճլէի համալսարանին՝ երաշխաւորելու պայմանով կառոյցի ճարտարապետական առանձնայատկութիւններու պահպանումը եւ ամէն կարգի խնամքն ու նորոգութեան հոգածութիւնը՝ երբ կարիքը յառաջանայ, նաեւ ընդառաջելով ամէն անգամուն՝ երբ Հայ կաթողիկէ համայնքը փափաք յայտնէ եկեղեցւոյ մէջ իր պաշտամունքը կատարելու։

Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանի կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ Վաքըֆներու խորհուրդին կողմէ համապատասխան որոշումը ընդունուած է միաձայնութեամբ։

Զեքիեան Գերապայծառ այս փուլին իր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ յատկապէս ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյին, ինչպէս նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըին եւ Տիճլէի համալսարանի վերատեսչութեան՝ խնամքի եւ հոգատարութեան իրենց յանձնառութեան համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021