ՏՔԹ. ՍԱՀԱԿ ԱՆՏԷՔԵԱՆ. «ԱՅՍՕՐ ԿԵՆՍԱԿԱՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄՆ Է»

Միջազգայնագէտ, հակամարտութիւններու լուծման մասնագէտ տքթ. Սահակ Անտէքեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։ Ստորեւ մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը:

*

-Արցախի խնդիրով աւելի քան քսան տարի կարգավիճակը գրեթէ անխափան պահպանելէ ետք, ի՞նչ հանգամանքներու լոյսին տակ բռնկեցաւ վերջին պատերազմը։

-Արցախի պատերազմի մասին, թէ ինչո՞ւ 2020-ին տեղի ունեցաւ, արդէն յստակ էր, որ Հայաստանի հակառակորդ կողմը՝ Ատրպէյճանը, մանաւանդ վերջին քանի մը տարիներուն կը յայտարարէր, որ Հայաստանի հետ պատերազմական վիճակի մէջ են եւ անշուշտ անոնք կը պատրաստուէին այս պատերզամին։ Իրենց տեսանկիւնէն դիտուած, Արցախը անբաժան տարածք մըն է Ատրպէյճանէն եւ ատրպէյճանկան հող է, հետեւաբար կամքն ու նպատակը կար վերագրաւելու Արցախը, միայն ժամանակի հարցը կը մնար, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենար վերագրաւելու այդ գործողութիւնը:  Միւս կողմէ, հայկական կողմն ալ սխալներ ունէր, քանի որ մենք որպէս հայ ազգ եւ հայ համայնք չկրցանք պէտք եղած ձեւով աշխատանք տանիլ, որպէսզի Արցախը ճանչցուի միջազգային ընտանիքին կողմէ, որպէս ազատ, անկախ պետութիւն։ Առաւել՝ Մինսքեան խմբակը, որ նշանակուած էր ՄԱԿ-ի կողմէ, որպէսզի Արցախի հարցը լուծէ, պէտք եղած աշխատանքը չտարաւ: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ գետինը պատրաստ էր բախումներու ու պատերազմի, բայց հարցումը այն էր, թէ ե՞րբ:

Անշուշտ ժամանակի առումով, թէ ե՞րբ սկիզբ պիտի առնէ այդ պատերազմը, կային ներքին ու արտաքին ազդակներ։

Անդրադառնալով ներքին պատճառներուն՝ 2018-ի յեղափոխութիւնը կամ մերժել «Սերժին շարժում»ը՝ իշխանութեան հասցուց նոր խմբակ մը, որ մեծ հաշուով անփորձ իշխանախումբ մըն էր, այդ հանգամանքը լաւապէս շահագործուեցաւ հակառակորդին կողմէ։ Խօսելով արտաքին պատճառներու մասին՝ յստակ էր նաեւ, որ Թուրքիան մեծ նեցուկ ցոյց տուաւ Ատրպէյճանին: Արտաքին պատճառներէն էին նաեւ կարգ մը շրջանային հանգամանքներ, որոնք մեծ հաշուով ի վնաս Հայաստանին էին։ Այդ առումով ալ Ատրպէյճանի, Փաքիստանի, Վրաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ դաշինքը իր դերը կատարեց: Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին, որ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն էր, ժխտական դեր խաղաց ու յուսախաբ ըրաւ հայ ժողովուրդը:

-Կարելի՞ էր արդեօք կանխել պատերազմը կամ կանգնեցնել զայն, խելամիտ որեւէ հանգրուանի։

-Ոչ, չեմ կարծեր որ որեւէ կողմ կրնար կանխել պատերազմը, մանաւանդ Հայաստանի պարագային, քանի որ պատերազմի որոշումը Հայաստանի կողմէն չէր, այլ երկու կողմի որոշումն էր եւ Ատրպէյճան բաւական ատենէ ի վեր կը պատրաստուէր այս օրուան, հետեւաբար պատերազմը կանխել անկարելի էր: Իսկ կանգնեցնելու համար որոշ առիթներ ստեղծուեցան այն ժամանակ, երբ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քանի մը անգամ զինադադարի կոչ ըրաւ, նաեւ երբ ժողով գումարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Լաւրովի միջեւ եւ համաձայնեցան զինադադարին, սակայն ժողովէն անմիջապէս ետք ռմբակոծումները՝ վերսկսան։ Հետեւաբար շատ առիթներ կային կանգնեցնլու այս պատերազմը, բայց չյարգուեցան: Այստեղ կ՚ուզեմ նշել, քանի որ պատերազմի աւարտելուն որոշումը հայկական չէր միայն, այլ տարածքաշրջանային եւ Ռուսաստանը շատ մեծ դեր խաղաց անոր մէջ, երանի Փաշինեան սկիզբէն ընդունէր դրուած պայմանները եւ աւելի քան չորսհազար զոհ չտայինք։ Բայց այս է քաղաքականութիւնը, ինչպէս կ՚ըսեն «վնասի կէսէն ետդարձը շահ է», թերեւս եթէ շարունակուէր պատերազմը, հայերը աւելի մեծ վնասներ կրէին, ըլլա՛յ տարածքային, կամ մարդկային ու տնտեսական առումներով։

-Մենք նաեւ նկատեցինք, թէ հակառակ անոր որ արտահերթ ընտրութիւններ գոյացան, սակայն այնուամենայնիւ Հայաստանի մէջ ներքաղաքական տագնապը չփարատեցաւ։ Այս մասին ի՞նչ կը մտածէք։

-Նախ պէտք է հաշուի առնել, որ անցեալ յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւնները կատարուեցան հապճեպ եւ ընտրութիւնը կազմակերպող կողմը, որ այս պարագային գործող իշխանութիւնն էր, չէզոք կողմ մը չէր: Ճիշդ է, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը հրաժարած էր անկէ առաջ, բայց իր խմբակին անդամներն էին, որոնք հսկեցին եւ վարեցին ընտրութիւնները: Երկրորդ՝ այդ ուղղահայեաց բաժանումը հայկական շրջանակներուն մէջ աւելի խորացաւ եւ նորընտիր կառավարութիւնը չփորձեց այդ ճեղքը փակել եւ ժողովուրդին մտահոգութիւնները պէտք եղած ձեւով հաշուի առնել: Երրորդ՝ ընտրութիւնը առիթ մըն էր փոփոխութեան, բայց նոյն քաղաքական դէմքերը վերընտրուեցան: Այս երեք կէտերը նկատի առնելով՝ կարելի է ըսել, որ արտահերթ ընտրութիւնները պէտք եղած յոյսը չտուին ժողովուրդին: Այս պատկերի վրայ անշուշտ կայ երեսակը Արցախի, ուր ոչ միայն հողային, այլեւ մարդկային մեծ կորուստներ տուած են։ Եւ այդ պատկերը Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ հոգեկան պարտութեան մը մթնոլորտը ստեղծած է։ Այդ մէկը բուժելու համար ժամանակի կարիքն ունինք, որպէսզի վէրքը բուժուի ու ձեւով մըն ալ վերադառնանք նախապատերազմեան վիճակին:

-Ի՞նչ պէտք է ընէ մեր պետութիւնը կայուն անվտանգութեան եւ ապահովութեան հասնելու համար։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ուղղակի՝ չմիջնորդաւորուած յարաբերութիւններ հաստատելու հեռանկար կը նշմարուի՞։

-Որպէսզի մեր պետութիւնը կայուն անվտանգութեան եւ ապահովութեան ռազմավարութիւն ունենայ, պէտք է երեք մակարդակի վրայ աշխատի. ներքին, շրջանային եւ միջազգային:

Ինչ որ ներքինին հետ կապուած է, պէտք է նախ հայ ժողովուրդի ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ քաղաքական ուժերը մէկտեղուին եւ համաձայնութեան գան: Հայ ազգին մէջ ոչ թէ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ ատելութիւն մը կայ, որ շինիչ չէ, ընդհակառակը շատ մեծ վնաս կը պատճառէ մեր պետութեան, մեր հայ դատին եւ ներհայկական ընդհանուր օրակարգին։

Շրջանային քաղաքականութեան հետ կապուած՝ մենք պէտք է աւելի բացայայտօրէն եւ աւելի ճշգրիտ ձեւով ճշդենք մեր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, քանի Ռուսաստանը պէտք եղած կամ ակնկալուած դերը չխաղաց, որպէսզի Արցախի հարցը արագ ձեւով լուծուէր եւ այսքան մեծ վնասներ չըլլային: Նաեւ պէտք է ճշդենք մեր կապերն ու յարաբերութիւնները բարեկամ երկիրներու հետ՝ Պարսկաստան, Հնդկաստան, նաեւ արաբական երկիրներ: Իսկ միջազգային մակարդակի առումով, պէտք է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ ալ նոր որակի կապեր ստեղծենք: Եթէ Ռուսաստանի հետ դրացի ենք, այդ չի նշանակեր, որ մեր կապերը պէտք է սահմանափակուին միայն Ռուսաստանի հետ, մենք պէտք է ունենաք ջերմ, լաւ եւ բարեկամական կապեր ԱՄՆ-ի հետ։ Այլ խօսքով՝ մեր կապերը Ռուսաստանի հետ պէտք չէ ըլլան ԱՄՆ-ի հետ մեր կապերուն հաշւոյն կամ հակառակը: Պէտք է հաւասառակշռութիւնը պահենք եւ գիտնանք՝ որմէ ի՛նչ ուզել եւ որմէ ի՛նչ ստանալ եւ որուն ինչ տալ, որպէս պետութիւն: Նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ պէտք է ջերմ եւ բարեկամական կապեր ստեղծենք, քանի ինչպէս գիտենք, հայ դատի գծով շատ մեծ դրական եւ շինիչ դեր խաղացին Եւրոպական Միութեան երկիրները: Այս երեք մակարդակներուն վրայ աշխատելով եւ անշուշտ տեսիլք ու յստակ ռազմավարութիւն ունենալով՝ կը կարծեմ, որ պիտի կարողանանք Հայաստանի անվտանգութեան ապահովումը վերակերտել։

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Արցախի հարցի վերջնական լուծումը տեսանելի կամ երկարաժամկէտ հեռանկարով եւ ի՞նչ ընելիք ունի այս հարցով սփիւռքը։

-Արցախի հարցին լուծման մասին խորհելէ առաջ առաջնահերթութիւնը հայկական դիմագիծի պահպանումն է։ Ազէրին այդ կէտին վրայ գրաւ դրած է, որ ժամանակի ընթացքին մենք՝ հայերս պիտի հեռանանք այդ տարածքներէն ու նաեւ պիտի հրաժարինք մեր իրաւունքներէն։ Ասոնք կարեւորագոյն մարտահրաւէրներ են մեզի համար։ Պատերազմի պատճառով գաղթած ժողովուրդը պէտք է վերադառնայ Արցախ, վերաշինէ տուները, եկեղեցիները եւ դպրոցները, մանաւանդ այն շրջաններուն մէջ, որոնք տակաւին հայերու հսկողութեան տակ են: Կը մնայ նաեւ մեծ մարտահրաւէր մը, այն շրջաններուն մէջ, զորս գրաւեցին ազէրիները, անոնք կը փորձեն հայկական դիմագիծը ոչնչացնել, եկեղեցիները փլցնելով կամ գմբէթները վերցնելով եւ այդ առումով ալ Հայաստան եւ հայկական սփիւռք կարեւոր ընելիքներ ունին։

Իսկ երկարաժամկէտ ծրագիրներու վերաբերեալ՝ կը կարծեմ, որ Հայաստանի պետութիւնը շատ մեծ ընելիք ունի եւ տքնաջան աշխատանքի պէտք է լծուի, գործակցութեամբ սփիւռքին հետ: Նախ պէտք է տասնամեայ կամ քսանամեայ ծրագիր ըլլայ, մշակուին ծրագիրներ եւ զանոնք իրագործելու եւ կատարելու աշխատանք տարուի: Հայութիւնը մեծ պարունակի աշխատանք պէտք է տանի ու գործակցութեան նոր առիթներ փնտռէ մանաւանդ՝ այն երկիրներուն հետ, որոնք պատրաստ են մեզի հետ գործակցելու։

-Ձեր կարծիքով՝ ժողովրդավարական եւ անկեղծ ընտրութիւնները բաւարար երաշխիք ե՞ն ամուր դիրքերէ բանակցելու եւ հայկական շահը առաջ տանելու համար։

-Ո՛չ, միայն ժողովրդավարական ընտրութիւնները բաւական չեն, որպէսզի բանակցութիւններուն Հայաստան ուժեղի դիրքերով մասնակցի։ Ժողովրդավարութեան կողքին մենք զուգահեռաբար պէտք է ունենանք հզօր բանակ, տնտեսական եւ իրաւական հզօրութիւն, ինչպէս նաեւ աշխոյժ եւ լիարժէք սփիւռք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021