ՓԱԼԻԱԹԻՖ ԽՆԱՄՔԻ ԿԵԴՐՈՆ

Երեւանի մէջ երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը բացուեցաւ Հայաստանի առաջին մանկական փալիաթիֆ խնամքի կեդրոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Փրոֆ. Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնի համալիրէն ներս հաստատուած է մանկական փալիաթիֆ խնամքի քլինիքը։ Այս ծրագրի նախաձեռնարկն է «City of Smile / Ժպիտներու քաղաքը» բարեգործական հիմնադրամը, որ կատարած է նաեւ գանձատրումը։

Նորաստեղծ կեդրոնը կ՚ընդգրկէ հինգ հիւանդասենեակ, խաղասենեակ մը եւ խոհանոց մը։ Բոլոր բաժանմունքները օժտուած են անհրաժեշտ սարքաւորումներով։

Արիւնաբանական կեդրոնի տնօրէն Սամուէլ Դանիէլեան նշեց, որ այսպիսի բուժարան մը ունենալու հարցը տասնամեակներէ ի վեր օրակարգի վրայ էր։ Նախաձեռնարկ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղած են այս կեդրոնի ստեղծման գործին։ «Ամոքիչ խնամքի կեդրոնը պիտի ըլլայ ցաւի կառավարման կեդրոն մը, որ մեծ աջակցութիւն պիտի ապահովէ բոլոր անոնց համար, որոնց մօտ քաղցկեղ ախտաճանաչուած է։ Այս կեդրոնը կարեւոր է նաեւ բժիշկներուն համար, որովհետեւ առաջին կրողները անոնք են։ Հիւանդութիւնը չի պատկանիր միայն անհատին, այլեւ՝ ընտանիքներուն եւ բժիշկներուն», ըսաւ ան։

Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021