ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 95-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 95 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։

Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ իր լծակից ընկերներու ոգեկոչման համար ալ այս օրը կը հանդիսանայ հերթական շարժառիթը։ Ժողովուրդը կը վերանորոգէ իր երախտագիտական զգացումները Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին դեր ստանձնած գործիչներուն նկատմամբ։ Հանրապետութեան տօնը միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի երկրի քաղաքացիները վերահաստատուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ժողովրդավարական ու աշխարհավար համակարգի անհրաժեշտութեան վերանորոգ գիտակցութեան մէջ։

Հոկտեմբերի 29-ի տօնը այսօր հանրային կարծիքի բոլոր հատուածներուն, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար մեծ ուրախութեան աղբիւր կը դառնայ։ Բոլորը կը հասկնան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան բոլորած 95 տարիները կը բնորոշեն միեւնոյն ժամանակ ժողովրդավարութեան ճանապարհի յամառ երթ մը։ Երկիրը այսօր եւս ունի ձգտումը այդ ժողովրդավարական ընթացքը ամրապնդելու, նաեւ արգասաւորելու տնտեսական վերելքով, համընդհանուր բարեկեցութեամբ։

Հանրապետութեան տօնին իմաստը այս տարի եւս կը բիւրեղանայ երկրէ ներս միասնականութեան գիտակցութեան ամրապըն-դումով։ Ժողովուրդի բոլոր խաւերը այսօր կը ձգտին երկրէն ներս միութեան գաղափարի ամրացման։ Բոլորին հասարակաց փափաքն է, որ երկիրը զարգանայ անվտանգ, կատարելագործէ իր ժողովրդավարութիւնը եւ անոր բարօրութենէն համահաւասար բաժին վիճակի բոլորին՝ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու նը-կատմամբ նախանձախնդրութեան հասարակաց գետնին վրայ։ Այդ սկզբունքները կը համարուին այն հիմնական նախադրեալը, որով Թուրքիա բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին կեանքին մէջ։

Մինչ այդ, պետական աւագանին այսօր կ՚այցելէ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Անգարայի մէջ օրուան տեւողութեան նախատեսուած են պաշտօնական հանդիսութիւններ եւ տօնակատարութիւններ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Հոկտեմբերի 29-ին առթիւ հրապարակած է նաեւ պատգամ մը։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան տօնը այս տարի կը բնորոշուի Իսթանպուլի նոր՝ երրորդ օդակայանի պաշտօնական բացման արարողութիւնով։ Արտասահմանէն ալ բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրեր մասնակցութիւն կը բերեն արարողութեան։ Նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ Հանրապետութեան տօնի պաշտօնական ընդունելութիւնն ալ այս տարի կը սարքուի օդակայանի նորակառոյց համալիրէն ներս։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018