ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Պուլկարիոյ Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Եքաթերինա Զախարիեւան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Օրուան տեւողութեան Զախարիեւա ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մնացականեան եւ Զախարիեւա սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հիւր նախարարը ընդգծեց, որ իր երկիրը կ՚աջակցի Հայաստանի՝ երկխօսութեան միջոցաւ Եւրոմիութեան հետ վիզայի դրութենէ զերծ դառնալուն։

Բանակցութիւններէն վերջ տեղեկացուեցաւ, որ Հայաստան եւ Պուլկարիա հակուած են բարելաւել փոխադրութեան հնարաւորութիւնները։ Յառաջիկային ուղիղ թռիչքներ պիտի հաստատուին Երեւանի եւ Սոֆիայի միջեւ, ինչ որ պիտի նպաստէ տնտեսական, զբօսաշրջային համագործակցութեան զարգացման։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2019