ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերու հիման վրայ՝ Հայաստանի արտասահմանեան դիւանագիտական կարեւոր ներկայացուցչութիւններու ղեկավար կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Արման Կիրակոսեան կը դադրի պաշտօնավարելէ որպէս՝ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպան։ Բացի Աւստրիոյ մէջ Հայաստանը ներկայացնելէ, Արման Կիրակոսեան Վիեննայի մէջ միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչն էր եւ ՄԱԿ-ի Վիեննայի գրասենեակի եւ տեղւոյն այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ Հայաստանը կը ներկայացնէր։ Արման Կիրակոսեան ներկայիս կը դադրի Վիեննայի մէջ ստանձնած այդ բազմակողմանի առաքելութիւնը իրականացնելէ եւ կը գործուղուի Լոնտոն։ Ան յառաջիկայ շրջանին պիտի ըլլայ Անգլիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։ Արման Կիրակոսեան բաւական երկար տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէր Վիեննայի մէջ, աւելի առաջ ալ բաւական բարձրաստիճան պաշտօններ զբաղեցուցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Ան հայկական դիւանագիտական անձնակազմի ամենայայտնի եւ ամենափորձառու անուններէն մին է։ Անցեալի մէջ երկար շրջան մը եղած է արտաքին գործոց փոխ-նախարար, աւելի առաջ ալ որոշ ժամանակ եղած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար։ Արման Կիրակոսեան այն հայ դիւանագէտներէն մին է, որ լաւ կը տիրապետէ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ կարեւոր մասնակցութիւն բերած է անցեալի բանակցութիւններուն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արման Կիրակոսեանի փոխարէն Վիեննա կը գործուղուի Արմէն Պապիկեան, որ վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէր որպէս արտաքին գործոց փոխ-նախարար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018