ՄԱՀ՝ ՄԱՐԹԻՆ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆԻ

Հայկական զանգուածային լրատուական աշխարհը երէկ ունեցաւ կարեւոր կորուստ մը. ոչ եւս է յայտնի լուսանկարիչ Մարթին Շահպազեան։ 78 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Մարթին Շահպազեան, որ իր լուսանկարչական արտադրութիւնը յառաջ կը տանէր բազմակողմանի ձեւով։ Ան մէկ կողմէ մամլոյ լուսանկարիչ էր, իսկ միւս կողմէ նաեւ իր աշխատանքը ունէր գեղարուեստական երեսակ։

Մարթին Շահպազեան 1976 թուականէն սկսեալ մինչեւ 2001 թուականը աշխատած էր «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութենէն ներս, իսկ աւելի վերջ եղած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի անձնական լուսանկարիչը։ 1940 թուականին ծնած էր Երեւանի մէջ։ Պարգեւներ ստացած էր ԹԱՍՍ եւ «Ռէօյթըրզ»ի նման միջազգային կարեւոր գործակալութիւններու կողմէ։ Բացած էր նաեւ կարեւոր անհատական ցուցահանդէսներ՝ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։

Այս դառն կորուստին առթիւ մենք եւս կը բերենք մեր խոնարհումը Մարթին Շահպազեանի վաստակին ու բարի յիշատակին առջեւ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018