ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԳՈՐԾ

Յայտնի երաժիշտ Թունճէր Էօնտէրի կողմէ հեղինակուած Կոմիտաս Վարդապետի վերաբերեալ գործը արդէն հրապարակի վրայ է եւ երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ։ Շուրջ ամիս մը առաջ լոյս տեսած է այս գիրքը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիր. «Դասական կիթառի համար Կոմիտաս Վարդապետի վերայօրինումներ»։

Թունճէր Էօնտէրի այս գիրքին համար յառաջաբան մը գրի առած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Յառաջաբանի խորագիրն է՝ «Կոմիտաս Վարդապետ, Օսմանեան պետութիւն եւ Թուրքիա»։

Այս գիրքը կը բովանդակէ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ինն գործերը։ Բոլորն ալ ժողովրդական երաժշտութեան հիման վրայ յօրինուած ինքնուրոյն գործեր են։ Անոնք օրիժինալ ձեւով վերայօրինուած են երգչախումբի, շանի եւ դաշնամուրի համար ու մանաւանդ դաշնամուրային մենակատարութիւններու համար։ Այդ օրիժինալ գործերուն հիման վրայ է, որ Թունճէր Էօնտէր զանոնք վերաձեւակերպած է՝ քլասիք կիթառի յարմարութեամբ։ Գիրքին մէջ տեղ գտած է նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի ժամանակագրական կենսագրութիւնը։

Թունճէր Էօնտէրի այս գիրքը ընդունուած է նաեւ Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի արխիւին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքը կարելի է ապահովել գրատուներէն, ունի նաեւ առցանց վաճառք։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018