ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մերքէլ այս առթիւ նշեց, որ շատ լաւ յիշողութիւններ ունի Հայաստան կատարած վերջին այցելութենէն։ Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ նշեց, որ Հայաստան Գերմանիան կը դիտարկէ՝ որպէս քաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր գործընկեր ու բարեկամ երկիր մը։

Բացի Անկելա Մերքէլի հետ ունեցած հանդիպումէն, Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց նաեւ Պունտեսթաք։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպէլի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պերլինի մէջ երէկ ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ «Պերթելսման» հիմնարկէն ներս։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ 21-րդ դարը Հայաստանի ժամանակն է եւ Հայաստան ճի՛շդ ժամանակին, ճի՛շդ տեղի վրայ է ու ճիշդ մոտել մը ունի։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց նաեւ «Ֆրաունհոֆէր» արտադրական համակարգերու եւ նախագծային փորձագիտութիւններու կաճառ, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ Կարմիր խաչի կեդրոնը։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան, նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան Պերլինի մէջ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգին։ Աշխարհահռչակ ջութակատար Սերկէյ Խաչատրեան եւս մասնակցութիւն բերաւ երեկոյթի ծրագրին։ Երգչախումբը վարեց Եդուարդ Թոփճեան։ «Konzerthaus Berlin»ի երդիքին տակ կազմակերպուած համերգը ձօնուած էր Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակի յոբելեանին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018