ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Վրաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա ընտրութիւններուն երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլն էր։ Այս փուլին Վրաստանի ժողովուրդը քուէատուփի մօտ փութաց՝ նախընտրութիւն մը ընելու համար Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կամ Կրիկոլ Վաշածէի միջեւ։ Այս երկու անխուսափելի թեկնածուներն ալ մօտաւոր անցեալին վարած են երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։

Սալոմէ Զուրապիշվիլի կը վայելէր «Վրացական երազանք» կուսակցութեան աջակցութիւնը։ Ան ընտրութիւններու առաջին փուլին մասնակցած էր որպէս անկախ թեկնածու եւ ստացած՝ ձայներու 38.64 տոկոսը։ Նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին իր թեկնածութիւնը պաշտպանուեցաւ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ։ Իսկ Կրիկոլ Վաշածէ, որ ընտրութեան առաջին փուլին քուէներու 37.74 տոկոսը ստացած էր, երկրորդ փուլին արդէն կը խրախուսուէր ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ։

Երէկ Վրաստանի ժողովուրդը այս մթնոլորտին մէջ երկրորդ անգամ քուէատուփի մօտ փութաց՝ ընտրելու համար երկրին նոր նախագահը։ Սկզբնական տուեալներով, Սալոմէ Զուրապիշվիլի հասած է առաւելութեան եւ քուէներու շուրջ 55 տոկոսը ապահովելով տարած է յաղթանակ։ Այս տուեալները տակաւին վերջնական չեն, որովհետեւ պաշտօնապէս վերահաստատուած չեն։

Վրաստանի ներկայ նախագահին՝ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի լիազօրութիւնները պաշտօնապէս պիտի աւարտին Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդման օրը։ Ըստ երկրի սահմանադրութեան, երդման արարողութիւնը պէտք է տեղի ունենայ ընտրութիւններուն յաջորդող երրորդ կիրակին։ Տուեալ պարագային սա կը համապատասխանէ դեկտեմբերի 16-ին։

Հարկ է նշել, որ Վրաստանի մէջ արդէն վերջին անգամ ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ մը։ Արդարեւ, երկիրը անցում կը կատարէ խորհրդարանական վարչական դրութեան եւ այդ պայմաններուն ներքեւ հանրապետութեան նախագահը յառաջիկային այլեւս պիտի ընտրուի երկրի խորհրդարանին կողմէ։

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Սալոմէ Զուրապիշվիլի քուէներու 59.56 տոկոսը ապահոված ըլլալով ընտրուած է Վրաստանի նախագահ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018