ՄԱՀ՝ ԱՐԱ ԳԱԼՈՅԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ յանկարծամահ եղած է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի նուիրեալներէն՝ վաստակաշատ լրագրող Արա Գալոյեան։ Մասնագիտութեամբ փիլիսոփայ Արա Գալոյեանի անժամանակ կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է՝ մինչ բոլորը կը վկայեն, թէ այդ մասնագիտութեան զուգահեռ՝ ան օժտուած էր կեանքի, մարդոց, ընկերներու եւ շրջանակին նկատմամբ իրեն բնորոշ վերաբերմունքով ու սիրով։ Այս բոլորի շատ չնչին մասը կ՚արտայայտուէին իր՝ դարձեալ միայն իրեն բնորոշ ոճով յօդուածներուն մէջ։

Արա Գալոյեան հիմնադրման առաջին իսկ օրէն իր սիւնակը ունէր «168 ժամ» թերթին մէջ, ուր իր սիւնակը այլեւս պիտի լրացուի միայն իր ընկերներու տաք յիշողութիւններով։

Անկախութեան շրջանի հայկական լրագրութեան ակունքներուն կանգնած նուիրեալ լրագրող մըն էր Արա Գալոյեան, որ մասնագիտական հմտութիւններէ ու բարձր արհեստավարժութենէ զատ ու անոնցմէ ալ առաջ արժանապատիւ եւ ազնուագոյն, պատասխանատու քաղաքացի մըն էր, իսկական մտաւորական մը։ Իր գործընկերները սուգի ծանր պահուն կը յայտնեն, որ զինքը պիտի յիշեն իր վարակիչ ծիծաղով ու անսահման բարութեամբ, հաւատացեալ քրիստոնեայի առաքինութեամբ ու կիւմրեցիի նուրբ երգիծանքով։ «168 ժամ»ը տեղեկացուցած է, որ այսօր երեկոյեան Երեւանի Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ Արա Գալոյեանի հոգեհանգիստը, իսկ վաղը կէսօրուան ժամերուն ան կը յուղարկաւորուի ու մարմինը կ՚ամփոփուի «Սպանդարեան» գերեզմանատան մէջ։

Արա Գալոյեան Երեւանի Պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան ֆաքիւլթէի մէջ ուսանելէ վերջ շարունակած էր նաեւ հետեւիլ կիրառական ընկերաբանութեան ամպիոնի աշխատանքին։ 1991-1995 թուականներուն Հայաստանի Հեռատեսիլի ու ռատիոյի պետական վարչութեան տնտեսական հաղորդումներու բաժնի պատասխանատուն եղած էր, այնուհետեւ՝ գլխաւոր խմբագիրը։ 1995-1999 թուականներուն աշխատակցած էր «Առաւօտ» օրաթերթին՝ որպէս տնտեսական մեկնաբան։ Յաջորդող շուրջ երեք տարիներուն եղած է Երեւանի «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը։ 2001 թուականին միջոց մը աշխատակցած էր «Ազատութիւն» ռատիօկայանին՝ որպէս լրագրող։ 2002 թուականէն ի վեր կ՚աշխատակցէր «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան՝ որպէս ծրագրերու տնօրէն։ 2004 թուականէն ի վեր կ՚աշխատակցէր նաեւ «168 ժամ» թերթին՝ որպէս տնտեսական մեկնաբան։

Երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ լրագրողի հոգւոյն ու մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք այրիին, հարազատներուն եւ բոլոր ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021