ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՍՈՉԻԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովի արձագանգները կը շարունակուին։ Ընդհանրապէս, միջազգային հանրութիւնը դրական կը համարէ այս հանդիպումը։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես շաբաթավերջին ողջունեց Սոչիի գագաթաժողովը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով անոր աւարտին հրապարակուած եռակողմանի յայտարարութեան վրայ։ Կութերեսի բանբերի տեղակալը՝ Ֆարհան Հաք այս առթիւ ըսաւ. «Ան գոհունակութեամբ կը նշէ Ռուսաստանի դերը շփումներու եւ երկխօսութեան շարունակականօրէն աջակցելու հարցին մէջ»։ Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր քարտուղարը ոգեւորուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղղակի համագործակցութեան վերականգնումով, Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու լիակատար իրականացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան մակարդակի բարձրացման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկելու անոնց յանձնառութեան վերահաստատումով։ Սոչիի գագաթի լոյսին տակ Կութերես կը վերահաստատէ ՄԱԿ-ի դիրքորոշումը, ըստ որու ամուր խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեան միջոցաւ։ Ան կոչ կ՚ուղղէ կողմերուն լուծել մնացեալ հարցերը բոլոր մատչելի ձեւաչափերով՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը։ ՄԱԿ պատրաստ է սատարելու ջանքերուն, ներառեալ՝ մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերման, տեղւոյն վրայ վերականգնման աշխատանքներուն եւ խաղաղաշինութեան աջակցելու միջոցաւ։

Հարկ է նշել, որ Սոչիի գագաթաժողովին անմիջապէս յաջորդեցին նաեւ շահագրգիռ կողմերու արժեւորումները։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, այս վերջինը զրուցեց նաեւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Նախարարները քննարկեցին Սոչիի հանդիպումով ստեղծուած իրավիճակը։

Այժմ, մօտաւոր ապագայի կտրուածքով, կը սպասուի երկու կարեւոր իրադարձութիւններու, որոնք Սոչիի գագաթաժողովի շարունակութեան բնոյթը պիտի ունենան։ Առաջինը՝ ներկայ շաբթուան տեւողութեան Մոսկուայի մէջ նախատեսուած Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու հանդիպումը պիտի ըլլայ։ Սոչիի հաւաքէն վերջ Փութին այս մասին յայտարարած էր՝ յիշեցնելով, որ ընդունուած կարգ մը որոշումները պիտի հրապարակուին այդ փուլին։ Երկրորդը՝ դեկտեմբերի 15-ին, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի շրջանակէն ներս նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ յաջորդ ժամադրութիւնն է, այս անգամ ԵՄ-ի Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021