ՅԱՄԱՌ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Աշխապատի մէջ մասնակցեցաւ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 15-րդ գագաթաժողովին։ Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքի ընթացքին Էրտողանի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Այս գագաթաժողովի ծիրէն ներս ան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ. օրինակ՝ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Աշխապատի այս գագաթաժողովը յաջորդեց նախօրէին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ  Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպման, որ Հարաւային Կովկասի նոր հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կը ներկայացնէ կարեւոր նշանակութիւն։ Նախագահ Էրտողանի հետ զրուցելու ժամանակ Ռաիսի յայտնած է, որ Իրան, Ռուսաստան եւ Թուրքիա՝ համագործակցելով տարածաշրջանի միւս երկիրներուն հետ, կրնան պահպանել անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս։ Ան պնդեց, որ Ուաշինկթըն կը զինէ ու կը վարժեցնէ տարածաշրջանի բոլոր ահաբեկչական խումբերը։ Աֆղանիստանի առկայ իրավիճակին շուրջ ալ մտահոգութիւն յայտնելով ան ըսած է, որ ահաբեկչական խմբաւորումները սպառնալիք կը ստեղծեն ո՛չ միայն այդ երկրի անվտանգութեան, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանին դէմ։ Ըստ իրեն, Անգարա-Թեհրան համագործակցութիւնը լայն ու բազմազան ոլորտներ ունի։ Իր խօսքով՝ կողմերը պէտք է նպաստեն տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ այդ նպատակին համար կրնան վերատեսութեան ենթարկուիլ արտօնեալ սակագիները։ Ռաիսի շեշտեց, որ տարածաշրջանէ ներս տեղ պէտք չէ մնայ օտար միջամտութեան համար։ «Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պէտք է հնարաւորինս սերտ ըլլան՝ հիասթափեցնելու համար մեր թշնամիները», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ այս երեք երկիրները ունին բազմաթիւ մշակութային, կրօնական եւ գաղափարական ընդհանրութիւններ, պէտք չէ թոյլ տալ այդ յարաբերութիւններու խաթարումը։

Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մօտ շատ լայն արձագանգ գտած են՝ Էրտողանի եւ Ալիեւի Աշխապատի մէջ ունեցած ելոյթները։ Այսպէս, Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ Զանգեզուրի միջանցքը իրականութիւն կը դառնայ։ Սոչիի եռակողմանի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ իր ըրած այս յայտարարութիւնը ընկալուած է առանձնակի ուշադրութեամբ։ «Այսօր կրնամ ըսել, որ Զանգեզուրի միջանցքը իրականութիւն կը դառնայ։ Այս նոր փոխադրութեան ենթակառուցուածքը պիտի դառնայ Արեւելք-արեւմուտք եւ Հիւսիս-հարաւ միջանցքներու կարեւոր մասը։ Վստահ եմ, թէ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրները պիտի օգտուին այս միջանցքէն», ըսաւ ան։

Իր կարգին, նախագահ Էրտողանն ալ Աշխապատի մէջ յայտնեց, որ տարածաշրջանէ ներս փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ արդի Մետաքսի ճանապարհի վերակենդանացման ուղղեալ ջանքերը անընդհատ կը շարունակուին։ «Ակնյայտ է կարեւորութիւնը Զանգեզուրի միջանցքի, որ մեր երկրին ու տարածաշրջանին միջեւ ուղղակիօրէն ցամաքային ճանապարհի կապ պիտի հաստատէ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումը դուռ բացած է տարածաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար։ Նախագահը դիտել տուաւ, որ Պաքու իրերայաջորդ կեանքի կը կոչէ ծրագրեր, որոնք տարածաշրջանէ ներս բարգաւաճում պիտի ապահովեն եւ այդ քայլերը պիտի խրախուսեն նաեւ տարածաշրջանէ ներս բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը։ Աշխապատի մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Անոնք Սոչիի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ հեռաձայնի վրայ ալ զրուցած էին։

Միւս կողմէ, Սոչիի գագաթաժողովին հետ գրեթէ նոյնաժամանակ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտնեց, որ Անդրկովկասի պարագային յղացուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի կազմակերպումը կարճաժամկէտ բնոյթ կը կրէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021