ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՅԱՅՏՆԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՓՐՈՖ. ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս օ­րե­րուն մեր մէջ կը գտնուի ֆրան­սա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան, հե­ղի­նա­կա­ւոր պատ­մա­բան Փրոֆ. Քլոտ Ար­մէն Մու­թա­ֆեան, որ Իս­թան­պուլ կ՚այ­ցե­լէ իր կո­ղակ­ցին հետ։ Ան վեր­ջին ան­գամ 1992 թուա­կա­նին այ­ցե­լած է Իս­թան­պուլ եւ փա­փա­քած է եր­կար ժա­մա­նակ վերջ վերս­տին շնչել մեր քա­ղա­քին մթնո­լոր­տը՝ հնա­րա­ւո­րինս շփուե­լով նաեւ մեր հա­մայն­քին հետ։

Մու­թա­ֆեան ա­մո­լը շուրջ շա­բաթ մը կը մնայ Իս­թան­պու­լի մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015