ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ ՍԱՐԳ­ՍԵԱՆ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԼՐԱ­ՏՈ­ՒԱ­ՄԻ­ՋՈՑ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԿՈՉ ՈՒՂ­ՂԵՑ՝ ԱՇ­ԽՈՒ­ԺԱՑ­ՆԵԼ ԿԱ­ՊԵ­ՐԸ ՍՓԻՒՌ­ՔԻ ՄԱ­ՄՈՒ­ԼԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ մէկտեղուեցաւ երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան նախագահական ապարանքին մէջ ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ մամլոյ սպասաւորներուն։ Աւանդական այս հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։

«Անկախութեան տարիներուն մեր լրատուական դաշտը յեղափոխական փոփոխութիւններ ունեցաւ։ Նախորդ 2.5 տասնամեակին մենք կարողացանք ձեւաւորել աշխոյժ հասարակութիւն, հանրային կառոյցներ եւ իւրօրինակ ազատ լրագրութիւն։ Որեւէ կասկած չունիմ, թէ հասուն եւ կայացած ժողովրդավարական համակարգ մը կառուցելու ճանապարհին անկախ ու անկաշկանդ լրագրողը պէտք է ըլլայ մեր հասարակութեան ամենատես աչքը։ Անցնող տարին լի էր ներքին եւ արտաքին կարեւորագոյն քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւններով, որոնք եղած են ձեր լուսարձակներու կեդրոնին։ Դուք անոնք բազմակողմանիօրէն լուսաբանած էք եւ անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը հասցուցած հասարակութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ իշխանութիւններու ուշադրութեան», ըսաւ Նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Ելոյթի տեւողութեան Սարգսեան յայտնեց իր խորին համոզումը, թէ չկան անյաղթահարելի խնդիրներ։ Ան կարեւորեց բոլոր կողմերու եւ դերակատարներու անկեղծ պատրաստակամութիւնը առկայ խնդիրները բաց քննարկելու եւ անոնց համար լուծում գտնելու ուղղութեամբ։ «Սա հասունութեան իւրայատուկ քննութիւն մըն է։ Ու ես վստահ եմ, թէ մեր հասարակութիւնը պատուով կը յանձնէ այդ մէկը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ կոչ ուղղեց՝ որպէսզի յաջորդ տարիներուն աշխուժանան սփիւռքի լրատուամիջոցներու հետ կապերը։ «240 թուականին 4 միլիոննոց Հայաստան ունենալու իմ տեսլականի եւ ապագայ ծրագրերու մշակման եւ իրականացման ընթացքին, ի հարկէ, կ՚ակնկալեմ ձեր աւելի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017