ԿԱՐԷՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրերու հիման վրայ երկրի արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն ոմանց գլուխը անցան նոր անուններ։ Այս ծիրին մէջ Կարէն Նազարեան նշանակուեցաւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Ան այս պաշտօնին կը յաջորդէ Միքայէլ Մինասեանին, որ երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսան էր եւ իշխանափոխութենէն վերջ ետ կանչուած էր Վատիկանէն։ Այժմ Կարէն Նազարեան կը գործուղուի Վատիկան՝ որպէս դեսպան։

Կարէն Նազարեան հայկական դիւանագիտական անձնակազմի փորձառու անուններէն մին է։ Վերջին տարիներուն ան կը վարէր արտաքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնը։ Աւելի առաջ պաշտօնավարած էր Նիւ Եորքի մէջ՝ որպէս ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ։ Կարէն Նազարեան անցեալի մէջ պաշտօնավարած էր նաեւ Թեհրանի հայկական դեսպանատան մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018