ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ԺԱՄ ՄԸ ԶՐՈՒՑԱԾ ԵՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «www.168.am»ի հաղորդումներով, 18 դեկտեմբերին, երբ Ռոպերթ Քոչարեան կը գտնուէր Մոսկուայի մէջ, հեռախօսով զրուցած է Վլատիմիր Փութինի հետ։ Շուրջ մէկ ժամ տեւած է այս զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուած է հարցերու լայն շրջանակ։ Քոչարեանի եւ Փութինի քննարկումները կեդրոնացած են Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խնդիրներուն վրայ՝ յետպատերազմեան իրողութիւններու ներքեւ։ Անոնք շօշափած են նաեւ տարածքաշրջանային հաւանական զարգացումները, Հայաստանէ ներս ստեղծուած քաղաքական ու տնտեսական վիճակը։

Վերոյիշեալ աղբիւրը այս տեղեկութեան կապակցութեամբ կապ հաստատած է Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեանի հետ, որ եւս այդ օրը կը գտնուէր Մոսկուայի մէջ։ Վիքթոր Սողոմոնեան չէ հերքած տեղեկութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ հրաժարելով մանրամասնութիւններ ներկայացնելէ Քոչարեան-Փութին զրոյցի բովանդակութեան շուրջ կամ որեւէ ձեւով մեկնաբանելէ զայն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020