ԳԱԳԱԹԻ ՎՐԱՅ ՇՓՈՒՄ

Կը տեղեկանանք, որ անցեալ տարուան վերջին օրերուն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ընդունեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, հանդիպումը տեղի ունեցաւ 22 Դեկտեմբեր 2017, Ուրբաթ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Պետրոս Շիրինօղլուն հիւրընկալեց՝ որպէս Թուրքիոյ հայկական վաքըֆներու միաւորման՝ Համայնքային վաքըներու հարթակի (VADİP) նախագահ։ Տեսակցութեան մասնակցեցան նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Իւմիտ Եալչըն եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ։ Աւելի քան մէկուկէս ժամուան զրոյցի տեւողութեան Շիրինօղլուի հետ էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։

Այս հանդիպումը վերջին օրերուն հետզհետէ արձագանգ գտաւ համայնքային շըր-ջանակներէն ներս։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրի երդիքին տակ Էրտողանի կողմէ ընդունուեցաւ Շիրինօղլուն։ Կը հաղուրդուի, որ պաշտօնապէս որեւէ հրապարակում չէ կատարուած եւ տեղի չէ ունեցած նկարահանում կամ տեսագրութիւն։ Սոյն լսումներու լոյսին տակ կապ հաստատեցինք Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ մեզի փոխանցեց զանազան մանրամասնութիւններ։ Յարակից սիւնակին մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ին կատարուած մասնաւոր յայտարարութեան ձեւաչափով՝ կը ներկայացնենք Շիրինօղլուի կողմէ մեզի տրուած բացատրութիւններուն թրքերէն բնագիրը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2018