ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ 23

Իրանէ ներս ծագած խռովութիւնները կը շարունակուին ամբողջ երկրի տարածքով։ Կը հաղորդուի, որ զոհերու թիւը հասած է 23-ի։ Տնտեսական պատրուակներով ծնունդ առած բողոքի ալիքը արդէն աստիճանաբար վերածուեցաւ վարչակարգի դէմ հակազդեցութեան։ Երկրի պահպանողականները թիրախ ընտրած են բարեփոխումներու հետամուտ նախագահ Հասան Ռուհանին։

Այս կէտին վրայ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյն ալ յայտարարեց, որ Իրանի թշնամիները միացած են Իսլամական հանրապետութենէն ներս զանազան միջոցներով խռովութիւն ստեղծելու նպատակով։ Իր խօսքերով՝ թշնամին կասեցնելու համար անհրաժեշտ է յանդգնութիւն եւ զոհողութիւն։ Խամանէյ տեղեկացուց նաեւ, որ ամբողջ երկրի ժողովուրդին խօսք մը պիտի ուղղէ՝ երբ որ գայ ճիշդ ժամանակը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2018