ՆՈՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան Նոր տարուան առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Այս տարին կը նշէ տասնամեակի մը աւարտը, որուն ընթացքին տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային բոլոր մարզերու մէջ, համակարգային տարողութեամբ արագընթաց զարգացումներ տեղի ունեցան, գլխաւորաբար իբր արդիւնք համաշխարհայնացումին եւ թուայնական գիտութեան ճարտարագիտական իրագործումներուն: Այս զարգացումները իրենց անխուսափելի ազդեցութիւնը ձգեցին, ինչպէս ամբողջ աշխարհի, նոյնպէս աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ:

ՀԲԸՄ-ը, որպէս իր էութեամբ հայկական կազմակերպութիւն, ինքնավստահ եւ պատուով դիմագրաւեց այդ մարտահրաւէրները, ցուցաբերելով ներկայ հանգրուանին համար անհրաժեշտ ճկուն եւ նորարար գործելակերպ: Ինչպէս անցնող փետրուարին կայացած Միութեան 90-րդ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին մատնանշած էինք, մեր կազմակերպութիւնը, իր աւելի քան մէկ դարու ազգանուէր ծառայութիւններով եւ վերջին տարիներուն կատարած արդիւնաւոր աշխատանքներով, շարունակեց մնալ այժմէական եւ գործօն, տեղական համայնքային, համընդհանուր ազգային եւ հանրային լայն մակարդակներու վրայ:

Նախորդ եւ ընթացիկ տարուան ընթացքին մենք ականատես եղանք պատմական անկիւնադարձային դէպքերու, հայրենիքի մէջ թէ մեր ապրած տարբեր երկիրներու հանրային կեանքերէն ներս: Ակնյայտ է, որ նոր ժամանակաշրջան մը կը պարզուի մեր դիմաց, որ կը յատկանշուի արագ փոփոխութիւններով եւ աննախատեսելի իրադարձութիւններով, որոնք առաւել եւս կը շեշտեն նորարար եւ ճկուն գործելակերպի անհրաժեշտութիւնը, հայ ազգի ծառայութեան մեր առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւորութեամբ կատարելու համար:

Այսօրուան յարափոփոխ աշխարհին եւ արագօրէն փոխուող հայկական համայնքներու իրականութեան մէջ, ՀԲԸՄ-ի յանձնառութիւնը եւ ազգի ծառայութեան մէջ անոր ներդրումին կշիռը, կը շարունակեն մնալ հաստատ եւ անշեղ:

Այս առթիւ տեղին է արագ ակնարկով մը անդրադառնալ անցնող տարուան ընթացքին ՀԲԸՄ-ի տարբեր ծրագիրներուն միջոցաւ իրականացած նախաձեռնութիւններուն: Անոնցմէ ամենայատկանշականը անկասկած, Միութեան ազգաշէն գործունէութեան ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Արցախի ընկերային, տնտեսական զարգացման ուղղուած ռազմավարութիւնն է: Ինչպէս՝ «ՀԲԸՄ-ի գործարար կանայք» (Women Entrepreneurs) ծրագիրը, նաեւ Արցախի մէջ տնտեսվարական եւ արհեստագիտական գիտելիքներու եւ օտար լեզուի ուսուցման շարունակուող ծրագիրները, որոնք առաջնահերթ նպատակ ունին կանանց կարողութիւնները եւ տաղանդին ներուժը երկրի տնտեսական զարգացման կարեւոր լծակներէն մին դարձնել, նաեւ աշխատունակութեան մակարդակը բարձրացնել Արցախի մէջ:

Ճարտարագիտութեան մարզի արագ աճը Հայաստանի մէջ եւ զայն որպէս ազգային որակ համաշխարհային ճարտարագիտական գլխաւոր կեդրոններուն ծանօթացնելու եւ անոնց հետ գործընկերական յարաբերութիւններ մշակելու կենսական անհրաժեշտութիւնը նկատի ունենալով, ՀԲԸՄ այդ ուղղութեամբ եւս կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնեց: Ի գործ դնելով Սիլիքոն Վելիի մէջ Միութեան ունեցած ազդեցիկ լծակները, այս տարուան սկիզբը, կազմակերպուեցաւ Հայաստանէն պաշտօնական պատուիրակութեան մը այցը Սիլիքոն Վելի, գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ուր տեղի ունեցան հանդիպումներ եւ խորհրդակցական նիստեր գլխաւոր ընկերութիւններու տնօրէններուն եւ ճարտարագիտական մարզի մասնագէտներու հետ: Իբր արդիւնք, ստորագրուեցաւ փոխադարձ հասկացողութեան համաձայնագիր մը, հայրենի պետութեան եւ ՀԲԸՄ-ի միջեւ, որով ՀԲԸՄ-ը կամուրջ կը հանդիսանար Հայաստանի եւ Սիլիքըն Վելիի միջեւ, ճարտարագիտական մարզի նորարար նախաձեռնութիւններու համար մատչելի աշխատավայր ապահելով հայրենի մասնագէտներուն: Միաժամանակ, վարչապետին յանձնարարութեամբ, գործակցական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին Հայաստանի Ամերիկեան համալասարանին հետ, Հայաստանի ճարտարագիտական ուսման ծրագիրներու բարեկագումին ուղղութեամբ: Ի վերջոյ, Փարիզի Վիվա Թէքի առաջին Հայաստանեան տաղաւարը միջազգային շրջանակներու համար յաջողութեամբ իրականացնելէ ետք, ՀԲԸՄ անցեալ հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած Տեղեկատուական ճարտարագիտութեան համաշխարհային համագումարին գլխաւոր կազմակերպիչներէն մին հանդիսացաւ:

ՀԲԸՄ-ը Հայասանի եւ սփիւռքի միջեւ կապերու սերտացման եւ ամրապնդումին ուղղութեամբ առանցքային դեր կատարած է միշտ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, փոխ-նախարարներ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նորանշանակ բարձր յանձնակատարը, իրենց արտերկիր կատարած այցելութիւններու ընթացքին, հիւրընկալուեցան Միութեան տարբեր մասնաճիւղերուն կողմէ, յատկապէս կազմակերպուած հաւաքոյթներով եւ հանդիպումնրով, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդումը եւ զարգացումը իրենց խորհրդակցութեանց նիւթ դարձնելով:

Միութեան ազգաշէն գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ համայնքային կեանքի աշխուժացումը, տեղական տարբեր նախաձեռնութիւններով, յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերելով արուեստներու նկատմամբ: Տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսները եւ կատարողական արուեստի բարձրորակ ելոյթները, մեր մշակոյթը կը ծանօթացնեն լայն շրջանակներու: Այդ ուղղութեամբ խորապէս գնահատելի է մեր մասնաճիւղերուն եւ Երիտասարդ արհեստավարժներուն ներդրումը, որոնք ճիգ չեն խնայեր իրենց համագործակցութեամբ եւ ստեղծագործական ծրագիրներով մեր ինքնութեան ընդհանրական ոգին դրսեւորելու եւ մեր մշակութային հարստութիւնները ի ցոյց բերելու աշխարհին:

ՀԲԸՄ-ի կայուն ծրագիրները՝ որոնք ուղղուած են երիտասարդութեան, անոնց մօտ կը մշակեն ազգային կեանքի մասնակցութեան ոգի եւ առաջնորդական կարողութիւններ: Ամառնային վարժողական ծրագիրները եւ Եւրոպայի «Կորիզ» ծրագիրը, երիտասարդներուն համար անհատականութեան մշակումի եւ արհեստավարժական փորձառութիւններ ձեռք բերելու համար իւրայատուկ առիթներ կը տրամադրեն: Նոյնպէս, Միութեան սկաուտական աշխոյժ խումբերը, կը շեշտեն համայնքին ծառայելու կարեւորութիւնը եւ կը նպաստեն ինքնութեան առողջ գիտացութեան մշակումին:

Մեր Միութեան գործունէութեան դաշտը ընդարձակ է եւ ծաւալուն: Հայութիւնը միշտ եղած է առաւելաբար սփիւռքի ժողովուրդ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ մեր տեսադաշտը ըլլայ լայն եւ ընդգրկուն: Շատեր ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց ազգային ինքնութիւնը, մինչ Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարբեր շրջաններու մէջ սփիւռքի նոր համայնքներ սկսած են կազմաւորուիլ: Անհրաժեշտ է հասնիլ անոնց, ներգրաւել ազգային կեանքէն ներս եւ վերամիաւորել զիրենք իրենց ազգային ժառանգութեան հետ: Այս մարզէն ներս Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբերուն աշխատանքը հպարտութիւն կը ներշնչէ մեզի: Այս տարուան «Կիզակէտ»ի երկամեայ հաւաքը՝ որ տեղի ունեցաւ Սան Փաոլոյի մէջ, Պրազիլ, ցարդ ամենամեծ թիւով մասնակիցներ ապահոված նախաձեռնութիւնն էր, 26 երկիրներէ ժամանած երիտասարդներով, ինչպէս՝ Լիթվանիա, Չիլի եւ Հարաւային Ամերիկա, որոնք եկած էին սերտացնելու իրենց բարեկամութիւնները եւ հասարակաց հետաքրքրութիւններու շուրջ խորհրդակցութիւններ եւ երկխօսութիւն ունենալու իրարու հետ:

ՀԲԸՄ-ը, արդիւնաւորութեամբ իրականացնելու համար իր առաքելութիւնը, կարեւոր է, որ առաւելագոյնս ընդարձակէ իր ազդեցութեան գօտին եւ բազմապատկէ իր աջակցութեան տարողութիւնը: Այս իրականութենէն մեկնելով, անհրաժետ է երբեմն իրատեսօրէն առարկայական խորաքննին արժեւորումի ենթարկել Միութեան դիմաց ցցուող առաջնահերթութիւնները եւ կատարել համապատասխան վերադասաւորումներ: Այս մտահոգութեան եւ նման արժեւորումի արդիւնք էր անցեալ տարուան ընթացքին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի դպրոցներու միաւորումը, Անթիլիասի Կարմիրեան վարժարանի նորոգուած եւ ընդարձակուած կառոյցին մէջ, նաեւ Գալիֆորնիայի երկու դպրոցներու միացման ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը յառաջիկայ տարեշրջանին, աշակերտութեան համար կրթական աւելի լայն եւ որակաւոր կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ, թափ տալով նաեւ ինքնութեան գիտակցութեան զարգացումին նպաստող նոր ծրագիրներու մշակումին:

Ի վերջոյ, հպարտութեամբ կը նշենք, թէ մարդասիրական ոչ-շահամէտ կազմակերպութիւններ արժեւորող Չերիթի Նեւիկէյթըր հաստատութիւնը այս տարի ՀԲԸՄ-ը դարձեալ չորս աստղանի գնահատականի արժանացուց, թափանցիկ գործունէութեան եւ կանոնաւոր հաշուետուութեան չափանիշներով, բարձրագոյն մակարդակի վրայ դասելով զայն: ՀԲԸՄ-ի նախագահները միշտ նախանձախնդիր եղած են պահպանելու Միութեան բարձր վարկանիշը, որպէս ընդհանուրին վստահութեան արժանացած հայկական մեծագոյն կազմակերպութիւն: Համոզուած ենք, որ ընթացիկ տարուան փետրուարին մեզմէ յաւերժ բաժնուած Միութեան հինգերորդ պատկառելի նախագահ Լուիզ Սիմոն յատկապէս հպարտ պիտի զգար այս արժեւորումով: Իր նախագահութեան տարիները, 1989-2002, որոնց ընթացքին աշխարհը եւ մեր հայրենիքը դիմագրաւեցին աղիտալի իրադարձութիւններ եւ ծանրագոյն տագնապներ, խորապէս դրոշմուած պիտի մնան Միութեան պատմութեան պանծալի էջերուն վրայ:

21-րդ դարը բազմապիսի կարելիութիւններ եւ առիթներ կ՚ընձեռէ մեզի, հպարտութեամբ դրսեւորելու մեր հայկական ինքնութիւնը: ՀԲԸՄ-ը այն միջավայրն ու հարթակն է, ուր լաւագոյնս կարելի է դրսեւորել անհատական տաղանդներ, յաջողութեան հասնիլ եւ ճանաչումի արժանանալ, միաժամանակ օգտակար հանդիսանալով ազգին եւ մարդկութեան: Միութեան տարբեր ծը-րագիրները, անկախ տարիքի, լեզուի, ընկերային դիրքի, պատկանելութեան, կամ աշ-խարհագրական վայրի տար-բերութիւններէ, անխտիր բոլորին լայն առիթներ կ՚ընձեռեն, հաղորդուելու իրենց հայկական ժառանգութեամբ եւ առաւել եւս մշակելու իրենց ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւնը:

Միասնականութեան այս ոգիով եւ յանուն ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած մեծ ընտանիքին, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարուան ընթացքին օժանդակեցին մեր աշխատանքներուն: Մեր կամաւորները, նուիրատուները եւ պաշտօնէութիւնը, իրենց համընդհանուր ճիգերով, կը շարունակեն անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցանել եւ փայլուն ծրագիրներ իրականացնել:

Առ այդ, ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն կը մաղթեմ առողջութեամբ եւ ուրախութեամբ լի արդիւնաւոր տարի մը։

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020