ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները ամփոփեցին երկկողմանի համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ վերահաստատեցին Ռուսաստան-Թուրքիա փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան ապագայ աշխուժացման իրենց յանձնառութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային օրակարգի զանազան նիւթերուն։ Էրտողան եւ Փութին կանգ առին Անդրկովկասի իրավիճակին վրայ, նաեւ անդրադարձան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ տագնապներու կարգաւորման վերաբերեալ խնդիրներուն։ Անոնց ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ Ռուսաստանի անվտանգութիւնը երաշխաւորող իրաւական ձեւակերպուած համաձայնագրերու մշտական յայտնի առաջարկները։

Մինչ Էրտողան եւ Փութին հերթական անգամ անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան, Մոսկուայէն ալ տարեմուտի դրութեամբ դարձեալ բարձր մակարդակի վրայ յայտարարութիւններ հնչեցին Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ։ Այսպէս, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ տեղեկացուց, որ ներկայիս Հարաւային Կովկասի պարագային կը յղկուի միասնական ծրար մը։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին, փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացին։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ.

«Նախ կը փափաքիմ նշել, որ Հարաւային Կովկասէ ներս բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը կարեւորագոյն ուղղութիւններէն է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքներուն մէջ։ Ըստ էութեան, խօսքը երկու երկիրներու համար խաղաղ գոյակցութենէն յստակ գործնական օգուտներ քաղելու հնարաւորութեան մասին է։ Ռուսաստան այս գործընթացի անմիջական մասնակիցն է։ 2021 թուականի յունուարի 11-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները պայմանաւորուած են ստեղծել եռակողմանի աշխատանքային խումբ մը՝ երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներու համատեղ նախագահութեամբ։ Այս դրութեան շրջանակին մէջ կարեւոր նախապատրաստական աշխատանք կատարուած է տարածաշրջանէ ներս ինչպէս երկաթուղային, այնպէս ալ ցամաքուղային հաղորդակցութեան վերականգնման ուղղութեամբ։ Ներկայիս կը յղկուի միասնական ծրար մը։ Նման մօտեցումը կ՚ապահովէ ընդունուած որոշումներու կայունութիւնը։ Ընթացիկ համատեղ աշխատանքին համար անհրաժեշտ ազդակները տուած են նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու համապատասխան պայմանաւորուածութիւնները։ Մենք կը կեդրոնանանք համատեղ ենթակառուցուածքային նախաձեռնութիններու չափանիշներու մշտական եւ յստակ նախագծերու սկիզբի շուտափոյթ աւարտին վրայ»։

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022