ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՏԻՐԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՐԷԻՍԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ վախճանած է մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեան։ Տարեմուտի դրութեամբ ցաւալի պատահար մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ հոգելոյս տէր հօր առողջական վիճակը երկար ժամանակէ ի վեր վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր եւ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր ալ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ վաղը տեղի կ՚ունենայ նորոգ վախճանեալ քահանայ հօր յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման կարգը։ Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեան հոգեւոր ծառայութեան առընթեր միջոց մը աշխատակցած էր նաեւ թերթիս՝ զանազան գրութիւններով, որոնք մեր ընթերցողներուն կողմէ կ՚ընկալուէին ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ։

Աւազանի անունով Տիգրան Վարուժան, ծնած է 1947-ին, Պալաթ, Իսթանպուլ։ Մանուկ հասակէն կը սկսի եկեղեցւոյ մէջ շապիկ հագուիլ, կ՚անդամակցի Պալաթու Դուրեան դպրաց դաս-երգչախումբին։ Կ՚ուսանի Պալաթի Խորէնեան վարժարանին մէջ։ Կ՚ամուսնանայ Հռիփսիմէ Չաքըրեանի հետ, 10 մայիս 1981-ին։ Կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Թամար Սիլվա (1983) եւ Անահիտ Արուսեակ (1989)։ Անդամ կ՚ըլլայ Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան յանձնախումբի։

Դպրութեան չորս աստիճանները կը ստանայ 1982-ին, Շահան Եպսկ. Սվաճեանէ, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ ուրար կրելու արտօնութիւնը՝ 1 ապրիլ 1982-ին, Շահան Եպսկ. Սվաճեանէ, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ։ 5 փետրուար 1989-ին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ սարկաւագ կը ձեռնադրուի։ 12 փետրուար 1989-ին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի, օծակից ունենալով Անդրէաս Քհնյ. Յակոբեանը։

Կը ծառայէ Պաքըրգիւղի, Նառլըգաբուի, Թոփգաբուի եւ Էյուպի, Գումգաբուի Դուրսի, Սամաթիոյ, Ենիգաբուի եւ Պալաթու եկեղեցիներու մէջ։ Վերջին պաշտօնավայրը կ՚ըլլայ Նառլըգաբըի եկեղեցին, ուրկէ առողջական պատճառներով հանգստեան կը կոչուի 2020 թուականին։

Լանջախաչ կրելու արտօնութիւն կը ստանայ 31 դեկտեմբեր 1997-ին, Գարեգին Բ. Պատրիարքէ։ Իսկ աւագութեան պատիւ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն կը ստանայ 13 փետրուար 2012-ին, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանէ։

Ազգային պատգամաւորական ժողովի 14 հոկտեմբեր 1998-ի նիստին կը մասնակցի որպէս հոգեւորական պատուիրակ եւ նոյն նիստի որոշումով կ՚ընտրուի Կրօնական ժողովոյ անդամութեան։

Հովուական պաշտօնով բազմիցս կ՚այցելէ Կրետէ կղզի։

Վատթարացած առողջութեան պատճառաւ 2021 թուականին ապրիլին մնայուն կեցութիւն կը հաստատէ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի մէջ։

Աւելի քան երկու ամիս խտացեալ դարմանումի կ՚ենթարկուի Սամաթիոյ Ընկերային ապահովութեան հիւանդանոցին մէջ, ուր իր հոգին կ՚աւանդէ Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ, 2 յունուար 2022, կիրակի միջօրէին։

Կրօնաբարոյական գրութիւններ ու քարոզներ գրած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022