«ԻՐԱՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ»

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան ա­ւար­տե­լով իր պաշ­տօ­նա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Թեհ­րան՝ վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին փու­լին Վի­գէն Սարգ­սեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Խա­մա­նէ­յի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով խորհր­դա­կա­նին՝ Ա­լի Էք­պէր Վե­լա­յէ­թիի հետ։ Այս առ­թիւ զրու­ցա­կից­նե­րը բարձր գնա­հա­տե­ցին դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան հայ-ի­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, ինչ որ նա­խադ­րեալն է յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան խո­րաց­ման հա­մար։ Վե­լա­յէ­թիի խօս­քե­րով, Ի­րան ու Հա­յաս­տան ար­դէն ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն կը ծա­ւա­լեն տնտե­սու­թեան շարք մը ճիւ­ղե­րուն մէջ։ Երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, զրոյ­ցի ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Վի­գէն Սարգ­սեան եւ Ա­լի Էք­պէր Վե­լա­յէ­թի հա­մա­կար­ծիք են, որ լա­րուա­ծու­թեան նոր օ­ճախ­նե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը լրջօ­րէն պի­տի վնա­սէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան։ Ուս­տի, անհ­րա­ժեշտ է ջան­քե­րը հա­մադ­րել՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան տա­րա­ծու­մը կան­խե­լու հա­մար։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Կող­մե­րը մատ­նան­շե­ցին, որ հար­ցը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում եւ կար­գա­ւոր­ման կա­րե­լի է հաս­նիլ բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով։

Վի­գէն Սարգ­սեան Թեհ­րա­նի մէջ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ա­ռըն­թեր, օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րուն հետ ալ ու­նե­ցաւ հան­դի­պում­ներ։ Այս շրջագ­ծով ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ի­րա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Ա­լի Լա­րի­ճա­նիի կող­մէ։ Լա­րի­ճա­նի յայտ­նեց, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս նոր ճգնա­ժա­մե­րը պի­տի չա­պա­հո­վեն փայ­լուն ա­պա­գայ մը։ Բա­խում­նե­րը նպաս­տա­ւոր չեն ո­րե­ւէ երկ­րի շա­հե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ըստ ի­րեն, տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վուի­լը կը ներ­կա­յաց­նէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն եւ բո­լոր ի­րա­ւա­սու­նե­րը այս ուղ­ղու­թեամբ պէտք է վա­րուին բա­նի­մաց։

Վի­գէն Սարգ­սեա­նը հիւ­րըն­կա­լե­լու ժա­մա­նակ Ի­րա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Հիւ­սէ­յին Տեհ­քան ալ յայտ­նած է, որ Թեհ­րան ու­ժի կի­րա­ռու­մը ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­ման հա­մար եւ ջանք չի խնա­յեր՝ ա­նոնց կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, իր եր­կի­րը բա­րիդ­րա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը կա­րե­ւո­րէ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ «Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ կա­յուն ու տե­ւա­կան պայ­քա­րը, ինչ­պէս նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս վտանգ­նե­րու եւ ան­կա­յու­նու­թիւն­նե­րու տե­ղի տուող տար­րե­րու դէմ ար­շա­ւը Ի­րա­նի հիմ­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն շար­քին է», ը­սած էր ան։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017