«Նարեկացի Երգարան» ԴասընթացքներԸ

«Նա­րե­կա­ցի» ա­րուես­տի միու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ կեան­քի կո­չել ազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող նոր կրթա­կան ծրագ­րեր: Այս­պէս, միու­թիւ­նը պի­տի սկսի «Նա­րե­կա­ցի եր­գա­րան» խո­րագ­րեալ դա­սըն­թաց­նե­րու շար­քի մը, ո­րու ըն­թաց­քին, իւ­րա­քան­չիւր ամ­սուան ա­ռա­ջին Ուր­բաթ օ­րը, ներ­կա­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան սոր­վե­լու եւ միա­սին եր­գե­լու հայ­կա­կան եր­գեր՝ ժո­ղովր­դա­կան, գու­սա­նա­կան, հո­գե­ւոր, եր­գա­հա­նա­կան, ման­կա­կան եւ այլն:

Դա­սըն­թաց­նե­րու շար­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ հան­րու­թեան՝ ծա­նօ­թա­նա­լու ազ­գա­յին եր­գա­րա­նի լա­ւա­գոյն գո­հար­նե­րուն, վե­րա­կանգ­նե­լու միա­սին եր­գե­լու մշա­կոյ­թը, մո­ռա­ցու­թե­նէ փրկե­լու սի­րուած եւ մոռ­ցուած հայ­կա­կան եր­գեր:
 Դա­սըն­թացք­նե­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին «Նա­րե­կա­ցի» ա­րուես­տի միու­թեան գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար, Վիեն­նա­յի քա­մե­րա­յին օ­փե­րա­յին թատ­րո­նի մե­ներգ­չու­հի, Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան ե­րաժշ­տա­նո­ցի դա­սա­խօս, երգ­չու­հի Լու­սի­նէ Ա­զա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017