ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ Գր­քի Շնոր­հա­հան­դէ­ս

Գա­լի­ֆոր­նիոյ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, «Ապ­րիլ» գրա­խա­նու­թին մէջ  տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­նաս­տեղծ Գրիշ Դաւ­թեա­նի նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղո­վա­ծո­յին՝ «Օ­րա­ւուր» գիր­քին շնոր­հա­հան­դէ­սը:

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Առ­նօ Ե­րէ­ցեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ գիր­քին եւ հե­ղի­նա­կին կեն­սագ­րու­թեան: Ան նկա­տել տուաւ, որ «Օ­րա­ւուր» գիր­քը Դաւ­թեա­նի հե­ղի­նա­կած եօթ­նե­րորդ գիրքն է: Ե­րէ­ցեան յայտ­նեց, որ հե­ղի­նա­կը, շնոր­հիւ իր գրա­կա­նու­թեան, մշա­կու­թա­յին եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն, ար­ժա­նա­ցած է գնա­հա­տագ­րե­րու եւ շքան­շան­նե­րու:

Այ­նու­հե­տեւ ար­ձա­կա­գիր Պօ­ղոս Քիւ­փե­լեան կա­տա­րեց գիր­քին ներ­կա­յա­ցու­մը: Ան գնա­հա­տեց Դաւ­թեա­նին գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ հաս­տա­տե­լով, որ ա­նոր գլխա­ւոր թե­ման գլխա­գիր Սէրն է՝ իր հա­մա­մարդ­կա­յին եւ տիե­զե­րա­կան ի­մաս­տով:

Ար­ձա­կա­գիր Ռ. Կո­րիւն շնոր­հա­ւո­րե­լով գիր­քին ծնուն­դը՝ նկա­տել տուաւ, որ Գրիշ Դաւ­թեան սի­րեր­գակ է՝ սի­րա­յին խոր, զգա­ցու­մով լե­ցուն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով, հայ­րե­նաեր­գակ է՝ հայ­րե­նա­սի­րա­կան գրու­թիւն­նե­րով, մար­դեր­գակ է՝ մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը բարձր դա­սող քեր­թուած­նե­րով:

Ի­րա­նա­հայ միու­թեան «Տե­ղե­կա­տու» ամ­սագ­րի խմբա­գիր, բա­նաս­տեղծ, եր­գի­ծա­գիր Ներ­սէս Տէր-Մես­րո­պեան, որ պատ­մեց յու­շեր ի­րենց ժա­մա­նա­կի Ի­րա­նա­հայ գրող­նե­րու միու­թեան մա­սին, ո­րուն ան­դամ էին ինք եւ Դաւ­թեան:

Ար­ձա­կա­գիր Կի­մա Կի­րա­կո­սեան շնոր­հա­ւո­րեց հե­ղի­նա­կին նոր գիր­քը եւ կա­տա­րեց կարգ մը ըն­թեր­ցում­ներ:

Այ­նու­հե­տեւ շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ գիր­քին հե­ղի­նա­կը, որ կեն­սագ­րա­կան հե­տաքրք­րա­կան յու­շեր պատ­մեց, նաեւ գիր­քէն ըն­թեր­ցում­ներ կա­տա­րեց:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017