ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ

Մոս­կուա­յի «Չայ­քովս­քի» պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը վեր­ջերս նուէր ստա­ցաւ աշ­խար­հահռ­չակ յօ­րի­նող Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի կի­սանդ­րին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այդ քան­դա­կը պի­տի տե­ղադ­րուի ե­րաժշ­տա­նո­ցի մեծ դահ­լի­ճի մուտ­քաս­րա­հին մէջ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, կի­սանդ­րիի հե­ղի­նակն է Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր նկա­րիչ ու քան­դա­կա­գործ Մի­քա­յէլ Սո­ղո­յեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կ՚ան­դա­մակ­ցի Մոս­կուա­յի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան։ Նուի­րա­տուու­թիւ­նը կա­տա­րած է Ար­մէն Սադ­գեան։

«Մեր նշա­նա­ւոր եր­գա­հան­նե­րը, խմբա­վար­նե­րը, կա­տա­րող­նե­րը կը մարմ­նա­ւո­րեն ար­դէն զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հա­մա­տեղ պատ­մու­թիւ­նը, սա­կայն, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, կը մնան այն­պի­սի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը օ­րի­նա­կը, զոր մեզ պէտք է միա­ւո­րէ հի­մա՝ ներ­կա­յիս եւ ա­պա­գա­յին», կի­սանդ­րիի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ նշեց Ռու­սաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ա­լեք­սանտր Ժու­րավս­քի։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան յայտ­նեց, որ հայ եւ ռուս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խորհր­դան­շա­կան միաս­նու­թեան մա­սին կը վկա­յէ այն փաս­տը, թէ Խա­չա­տու­րեա­նի կի­սանդ­րի մը պի­տի բա­ցուի նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Քան­դա­կա­գործ Մի­քա­յէլ Սո­ղո­յեա­նի խօս­քե­րով, կի­սանդ­րիի ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րի ներշն­չո­ղը ե­ղած է դաշ­նա­կա­հար Տե­նիս Մա­ցուեւ, որ եւս ներ­կայ էր բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան (1903-1978), որ 20-րդ դա­րու մե­ծա­գոյն յօ­րի­նող­նե­րու շար­քին կը դա­սուի, ե­ղած էր Մոս­կուա­յի Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցէն ներս դա­սա­խօս։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017