ՄԱԿԵԴՈՆԱՑԻԻ ԿՏԱԿԸ՝ ԳՐՈՒԱԾ ԳՐԱԲԱՐՈՎ

Լոն­տո­նաբ­նակ պատ­մա­բան Տէյ­վիտ Կրանտ կը պնդէ, որ տասն տա­րի փնտռտուք­նե­րէ ետք յայտ­նա­բե­րած է Աղեք­սանդր Մա­կե­դո­նա­ցիի կտա­կը: The Daily Mail պար­­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կած է կտա­կին լու­սան­կա­րը, որ գրուած է գրա­բա­րով: Փաս­տա­թուղ­թին մէջ տեղ գտած են Ա­ղեք­սանդ­րի ծրա­գիր­նե­րը կայս­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ հրա­հանգ­ներ՝ իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ եւ ժա­ռանգ­նե­րու ա­նուն­նե­րը:

Տէյ­վիտ Կրանտ նշած է, որ Աղեք­սանդր Մա­կե­դո­նա­ցիի կտա­կը ոչ մէ­կը թաք­ցու­ցած է, ա­նի­կա յայտ­նա­բե­րուած է հնա­գոյն ձե­ռագ­րի մը մէջ, որ յայտ­նի է Alexander Romance (Աղեքսանդրի վէպը) ա­նու­նով: Ժո­ղո­վա­ծոն կը պա­րու­նա­կէ պատ­մու­թիւն­ներ եւ հէ­քեաթ­ներ, ո­րոնք կը պատ­մեն զօ­րա­վա­րի սխրանք­նե­րուն մա­սին: Կը նշո­ւի, որ պատ­մու­թիւն­նե­րը գրի առ­նո­ւած են ա­նոր մա­հէն շուրջ հա­րիւր տա­րի վերջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017