ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՔԻԵՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Քիեւ։ Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի 8-րդ ժողովին մասնակցութիւն կը բերէ Էրտողան եւ այս ծիրէն ներս կազմակերպուած Թուրքիա-Ուքրայնա գործարար ֆորումին ժամանակ կը հանդիպի նաեւ գործարար աշխարհէ ներկայացուցիչներու հետ։ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ կը հիւրընկալուի Էրտողան։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային բնոյթով հարցեր։ Կարծիքի փոխանակումներ ալ տեղի կ՚ունենան Խրիմի թաթարներու կացութեան շուրջ։

Երկու նախագահներուն գլխաւորութեամբ կը քննարկուին Թուրքիա-Ուքրայնա ռազմավարական համագործակցութեան խորացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն վերաբերեալ զանազան նիւթեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2020