«ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԽՆԴԻՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ»

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան հարցազրոյց մը տուաւ Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթին, որ յաճախ նաեւ կը քննադատէ իշխանութիւնները։ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին փոխ-վարչապետներու մակարդակով կազմակերպուած՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի հանդիպման մասնակցած էր Մհեր Գրիգորեան, որ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի յաջորդած իրավիճակի պայմաններով տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ խնդիրներուն։ Նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ՝ Հայաստանի հարաւով միջանցք մը ստեղծելու խնդիրը միշտ օրակարգի վրայ է եւ հրատապ քննարկումներու առիթ կը դառնայ՝ Մհեր Գրիգորեան հարցազրոյցի ժամանակ խօսած է նաեւ այս կապակցութեամբ։ «Միջանցքի հարց ընդհանրապէս գոյութիւն չունի այս պահուն», ըսած է ան հարցազրոյցին մէջ։

Յունուարի 30-ին Մոսկուայի մէջ որոշուած էր տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման աշխատանքներուն սկսելու համար մինչեւ փետրուարի 2-ը փորձագիտական խումբեր ստեղծել։ Արդեօք արդէն ստեղծուա՞ծ են։ Ի պատասխան՝ փոխ-վարչապետը նշած է հետեւեալը. «Այսօր-վաղուան ընթացքին։ Երկու ենթախումբ պիտի ըլլայ՝ երկաթուղային, ցամաքուղային եւ համակցուած փոխադրումներու գծով եւ փոխադրումներու ապահովման հարցերով՝ ներառեալ անվտանգութեան, սահմանային, մաքսային, առողջապահական, անասնաբուժական, բուսաառողջապահական եւ վերահսկողութեան այլ ձեւերու գծով։ Մին պիտի համակարգէ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը, միւսը՝ Պետական եկամուտներու կոմիտէն։ Կը կարծեմ՝ տեղակալներու մակարդակով»։

Թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է արագացուած ընթացքը։ Այս կապակցութեամբ փոխ-վարչապետը նշած է, որ 11 յունուարի յայտարարութեան մէջ ժամկէտներու շուրջ պայմանաւորուածութիւն գոյութիւն ունի։ Ուստի, իրենց աշխատանքները այդ ժամկէտներուն համապատասխան կ՚ընթանան։ Մհեր Գրիգորեան նշած է, որ եթէ աշխատանքները աւելի երկար ժամկէտ մը պահանջեն, ապա չի կարծեր, որ մեծ խնդիր մը յառաջանայ այս կապակցութեամբ։

Հարցազրոյցի ընթացքին Մհեր Գրիգորեանին հարց տրուած է, որ ներկայ իրավիճակին մէջ, երբ հակամարտութիւնը չէ սառած, սահմանները անվտանգ չեն, իրագործելի կը համարուի՞ ապաշրջափակման սկսիլը։  «Առնուազն, ես կը կարծեմ, աշխատանքները պէտք է սկսին։ Այս փուլին մենք կը խօսինք աշխատանքներու սկսելու մասին։ Հարցը պէտք է քննարկուի», յայտնած է Գրիգորեան։

Հանրային կարծիքին ցոլացած ձեւով այժմ խօսքը միայն Հայաստանի Սիւնիքի մարզով, Մեղրիով ապաշրջափակմա՞ն կը վերաբերի, թէ ոչ կը քննարկուի նաեւ Իջեւանով եւ Ղազախով դէպի Պաքու ճանապարհի հարցը։ Չէ՞ որ ապաշրջափակումը միայն մէկ ուղղութեամբ պէտք չէ ենթադրուի։ Մհեր Գրիգորեան այս մասին յայտնած է հետեւեալը. «Այո՛, իրաւացի էք եւ այս օրուան յայտարարութիւնները, որոնցմով մենք պէտք է առաջնորդուինք, որեւէ կաշկանդում այդ իմաստով չեն սահմաներ որեւէ կողմի համար»։ Ատրպէյճանական կողմի հետ քննարկուա՞ծ է, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի միւս հատուածներու ապաշրջափակման հարցը առաջ չի քշուիր։ Փոխ-վարչապետը տուած է հետեւեալ պատասխանը. «Ես կը կարծեմ՝ թող մասնագէտները աշխատին եւ այդ ժամանակ առաջ կը քշեն հարցերը ձեր ըսած տրամաբանութիւնով։ Վստահ եմ, որ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ Բայց այս պահուն որեւէ յստակ ուղղութիւն տակաւին չէ քննարկուած եւ ենթախումբերու անուանումէն նոյնիսկ ակնյայտ է, որ խօսքը կը վերաբերի, ընդհանուր առմամբ, ապաշրջափակման ու ո՛չ թէ յստակ ուղղութիւններու»։ Ուրեմն, ի՞նչ քննարկուած է Մոսկուայի մէջ։ Ի պատասխան Մհեր Գրիգորեան նշած է, որ իր համոզմամբ՝ աւելի արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ, եթէ մասնագէտները աշխատին եւ աւելի վերջ անպայման առիթ կ՚ըլլայ այդ ամէն ինչի մասին խօսելու համար։

Մեղրիով միջանցք մը տրամադրելու հարց մը կա՞յ օրակարգին վրայ, թէ ոչ։ Փոխ-վարչապետը այս կապակցութեամբ ըսած է հետեւեալը. «Միջանցքի հարց ընդհանրապէս գոյութիւն չունի այս պահուն եւ, կը կարծեմ, գոյութիւն պիտի չունենայ։ Ընդհանրապէս միջանցքի վերաբերեալ որեւէ հարց չի քննարկուիր։ Ես իրենց հետ չեմ քննարկած որեւէ նման հարց, որ միջանցք կ՚անուանուի կամ կը կոչուի։ Ապաշրջափակման ուղիներ կը քննարկուին»։

Հայկական կողմը Երասխով դէպի Նախիջեւան երկաթուղային հատուած մը ունի։ Այս մէկը չ՚օգտագործուիր։ Սա պիտի շրջանցուի՞, թէ ոչ եղածը պիտի օգտագործուի։ Այս կապակցութեամբ Մհեր Գրիգորեան դիտել տուած է, որ այդ երկաթուղին կրնայ օգտագործուիլ, եթէ Նախիջեւանի մասին է խօսքը։ «Իմ ունեցած տեղեկութիւններով՝ այս պահուն երկու երկաթուղիի վրայ ալ աշխատանքներ կան ընելու։ Թէ՛ Ղազախով եւ թէ Մեղրիով։ Ամենաքիչ ծախսատարը, կը կարծեմ, Նախիջեւանի երկաթուղին վերականգնելն է», յայտնած է փոխ-վարչապետը։

Թէ ի՞նչ կարգի ներդրում մը պիտի ունենայ հայկական կողմը՝ թէ՛ ելմտական առումով եւ թէ աշխատանքներու իրականացման տեսակէտէ։ «Այս պահուն չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ այս պահուն քննարկման փուլը այդ աստիճանի հասունցած չէ, որ նման հարցերու պատասխանները կարողանամ տալ», նշած է Մհեր Գրիգորեան։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021