ԱՆՎՏԱՆԳԱՅԻՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նիստի ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը։ Օրակարգի վրայ եկած են նաեւ զանազան հարցեր՝ մարդասիրական առկայ տագնապին եւ անվտանգային միջավայրին վերաբերեալ։ Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Մինչ այդ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս յայտնեց, որ իրենց տեղեկութիւններով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մնալ ու գործել կը շարունակեն Սուրիայէն զինեալներ։ Այս վերջիններու ներկայութեան մասին հայկական կողմը ահազանգ կը հնչեցնէր մօտաւոր անցեալի լայնածաւալ պատերազմի օրերուն։ Սթանիսլաւ Զասի խօսքով՝ սուրիացի վարձկանները պէտք է հեռանան Լեռնային Ղարաբաղէն, ՀԱՊԿ-ի երկիրներու մերձակայքին անոնց գործունէութիւնը ռիսքեր կը պարունակէ հաւաքական անվտանգութեան տեսակէտէ։ Ընդհանուր քարտուղարը յայտարարութիւններուն մէջ պնդեց նաեւ, որ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս ՀԱՊԿ-ի մարտունակութիւնը չէ նուազած։ Ան յիշեցուց, որ մօտաւոր անցեալի լայնածաւալ պատերազմին ժամանակ հայկական կողմը ՀԱՊԿ-էն օժանդակութիւն չէր պահանջած։

Միւս կողմէ, յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման խնդիրները կը շարունակեն հրատապ բնոյթ ներկայացնել։ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ յամառօրէն հետամուտ կը մնայ այս խնդիրներուն, երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հերթական ահազանգը հնչեցուց։ Արման Թաթոյեան այս կապակցութեամբ վերջին օրերուն հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Սահմանազատման խնդիրներու առընթեր, ան արծարծեց նաեւ Ատրպէյճանէ ներս ի պահ դրուած հայ ռազմագերիներու վերադարձը։

Արման Թաթոյեան սահմանազատման գործընթացի խնդիրներուն եւ այդ ամբողջին մէջ յառաջացած լուրջ խախտումներուն շուրջ պաշտօնական նամակներով տեղեկութիւն կը փոխանցէ նաեւ միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021