ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄԸ

Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ բարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր առաջին անգամ բարձր մակարդակի վրայ կապ մը հաստատուեցաւ Թուրքիոյ հետ։ Այսպէս, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահութեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի փոխ-նախագահ Իպրահիմ Քալընի եւ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէք Սալըվընի միջեւ։ Քալըն, որ միեւնոյն ժամանակ նախագահ Էրտողանի բանբերն է, շուրջ մէկ ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին նախ շնորհաւորեց Սալըվընի պաշտօնի կոչուիլը։ Բացի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններէն, կողմերը անդրադարձան Սուրիոյ, Լիպիոյ, Միջերկրականի արեւելքի, Կիպրոսի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւններուն։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան նաեւ քորոնաժահրի համաճարակին եւ համաշխարհային կլիմայի փոփոխութիւններուն շուրջ։

Զրուցակիցները համամիտ գտնուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման, սերտ շփման մէջ գտնուելու եւ երկխօսութեան հնարաւորութիւնները աշխոյժ ձեւով օգտագործելու ուղղութեամբ։ Քալըն եւ Սալըվըն համակարծիք գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ տագնապներու պարագային քաղաքական լուծման հասնելու շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին ամէն տեսակ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ ազդու եւ համատեղ պայքար ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը։ Մատնանշուեցաւ նաեւ, որ կողմերու միջեւ տարակարծութեան առարկայ խնդիրներու կարգաւորման համար նոր մօտեցումներով համատեղ ջանքեր պէտք է գործադրուին։ Այս կապակցութեամբ որպէս օրինակ թուարկուած են «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերը եւ ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը։

Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ կատարուած այս հաղորդումներուն առընթեր, երէկուան հեռախօսազրոյցին շուրջ Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ փոխանցեցին տեղեկութիւններ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Ճօ Պայտընի վարչախումբը կը ձգտի ընդլայնել համագործակցութեան ոլորտները եւ ազդու ձեւով կառավարել տարակարծութիւնները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021