ՊՈՂԱԶԻՉԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԶՈՒԳՈՐԴՈՒԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐՈՎ

Պողազիչի համալսարանի վերաբերեալ որոշ իրադարձութիւններ այս շրջանին առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Նոր վերատեսուչի նշանակումով պայմանաւորուած անհանգստութիւններէ սկսալ, մինչեւ սրբութիւններու դէմ անարգանքի խնդիրներ՝ շարք մը գործօններ պատճառ դարձած են որոշ լարուածութեան։ Համալսարանէն ներս սկսած բողոքի ցոյցերը վերջին օրերուն արդէն այդ ծիրէն դուրս եկած են։ Երէկ, Գատըգիւղի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան, ինչ որ յառաջացուց մեծ աղմուկ։ Թէ՛ համալսարանի եւ թէ Գատըգիւղի այդ ցոյցերուն իրաւապահ մարմինները միջամտեցին։ Կատարուեցան որոշ ձերբակալութիւններ, իսկ աւելի ուշ ձերբակալեալներուն կարեւոր մասը ազատ արձակուեցաւ։

Իսթանպուլի կուսակալութեան աղբիւրներն ալ արձագանգ հանդիսացան վերջին իրադարձութիւններուն։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով այս առընչութեամբ։ Ան դիտել տուաւ, որ ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուածներուն կարեւոր մասը Պողազիչի համալսարանին հետ կապ չունի։ Ենթակաները, պարզապէս, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ են։ Նախարար Սիւլէյման Սոյլու ընդգծեց, որ բացարձակապէս կողմնակից չէ թոյլ տալու՝ համալսարանի վերատեսուչի աշխատասենեակի բռնագրաւման։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021