ԳՏՆԵԼ ՓՈԽԶԻՋՈՒՄՆԵՐ

Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետները երէկ ժողով մը գումարեցին Ալմաթիի մէջ։ Ղազախիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստին նախագահեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ ԵԱՏՄ-էն ներս պէտք է փոխադարձ զիջումներ գտնել։ Իր խօսքով՝ ներկայ դրութեամբ ակնյայտ է, որ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրները յստակ, միասնական մօտեցում մը չունին՝ ուժանիւթի ընդհանուր շուկայ մը ձեւաւորելու եւ զարգացնելու հեռանկարներուն շուրջ։ «Վստահ եմ՝ ընդհանուր ուժանիւթի շուկայի մը ստեղծումը բոլորիս կու տայ շարք մը առանցքային առաւելութիւններ՝ նպաստելով տնտեսութիւններու կայուն զարգացման, բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման, ուժանիւթի անվտանգութեան բարելաւման։ Այս բոլորը հաշուի առնելով՝ կը կարծենք, թէ մեր երկխօսութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ փոխզիջումային պայմանաւորուածութիւններու որոնման», ըսաւ Փաշինեան։

Ալմաթիի մէջ Հայաստանի վարչապետը շեշտեց նաեւ, որ առանցքային տնտեսական ցուցիչներու վերլուծութիւնը յայտնի կը դարձնէ, որ ԵԱՏՄ-ի երկիրները վստահօրէն կը շարժին կայուն տնտեսական աճի մը յետագիծով։ Ան յիշեցուց, որ անցեալ տարի կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն հետ Հայաստանի ապրանքաշրջանառութիւնը նախորդ տարուան բաղդատմամբ 39 տոկոսով աճած է։ Փաշինեան համոզուած է, թէ ներկայ փուլին ԵԱՏՄ-ի համար առաջնահերթ պէտք է ըլլայ ոլորտային համագործակցութեան ամրապնդումը, նոր գործարար կապերու ստեղծումը, անդրսահմանային առեւտուրի՝ թուային ծառայութիւններու եւ տուեալներու փոխանակման կիրառմամբ կարգաւորումը։

Ժողովի ընթացքին Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինն ալ արձագանգեց Նիկոլ Փաշինեանին։ «Պատրաստ ենք ամէն ձեւով աջակցիլ ԵԱՏՄ-ի վերաբերեալ ձեր առաջարկներու իրագործման։ Անոնք ընդունելի են եւ մեծամասնութեամբ կը համընկնին Ռուսաստանի դիրքորոշման հետ», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ «Fitch»ի կողմէ վերջերս հրապարակուած վերլուծութեան մը մէջ ռազմավարական ռիսք նկատուած էր Հայաստանի տնտեսութեան կախուածութիւնը Ռուսաստանէն։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2024