ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
«Ալարքօ հոլտինկ»ի Օրթագիւղի կեդրոնակայանի դահլիճին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» խորագրեալ ծրագրին շրջագծով քննարկում մը՝ աշխատանոցի ձեւաչափով։ Եւրոմիութեան եւ Եւրոմիութեան գծով նախարարութեան կողմէ կը հովանաւորուի այս նախագիծը, որ յառաջ կը տարուի Ենիգիւղի Այա Փանայիա յունաց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին կողմէ։ Այս վերջինը կը գլխաւորէ Լաքի Վինկաս, որ փոքրամասնութիւններու կեանքին վերաբերեալ վերջին տարիներուն կուտակած իր փորձառութեան լոյսին տակ գործունէութեան նոր ոլորտի մը ձեռնամուխ եղած է։ Ծրագրի գործընկերներն են Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի Մարդու իրաւանց իրաւունքի գործադրութեան եւ հետազօտութեան կեդրոնը եւ Յունաստանէն՝ Եւրոպայի ու արտաքին քաղաքականութեանց հիմնարկը (ELIAMEP)։
«Ալարքօ հոլտինկ»ի հիւրասիրութեամբ երէկ տեղի ունեցած աշխատանոցի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ճեմրէ Պայթոք, որ կը համակարգէ սոյն ծրագիրը։ Ատենախօսներն էին «Ալարքօ հոլտինկ»ի վարչական խորհուրդէն Լէյլա Ալաթոն եւ Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի Հաղորդակցութեան ֆաքիւլթէէն Էրքան Սաքա։ Երկու ատենախօսներն ալ իրենց անձնական կամ մասնագիտական փորձառութիւններուն լոյսին տակ բացատրեցին, թէ ընկերային մետիան ընդհանրապէս ինչ օգուտներ կը բերէ ու մանաւանդ ինչ հնարաւորութիւններ կրնայ ընձեռել երկրի փոքրամասնութիւններու կեանքին՝ մշակութային բազմազանութեան տեսանկիւնէն։
Կոկիկ թիւով երիտասարդներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացաւ այս ձեռնարկը, որու կազմակերպիչները երեկոյթի աւարտին առ ի շնորհակալութիւն յուշանուէր մը յանձնեցին Լէյլա Ալաթոնին։
«Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» ծրագրին շրջագծով երկրորդ աշխատանոցի ձեւաչափով հաւաքոյթը նախատեսուած է «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ։