ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ար­դիւն­քը ե­կաւ յստա­կօ­րէն ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ ժո­ղո­վուր­դը կը գե­րա­դա­սէ երկ­րի կա­յու­նու­թիւ­նը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վեց ձայ­նե­րու ա­ւե­լի քան 49 տո­կո­սը։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը պի­տի բաղ­կա­նայ չորս կու­սակ­ցու­թե­նէ։

Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ ար­տա­սո­վոր օր մը։ Երկ­րի 13 ընտ­րա­տա­րածք­նե­րէն ներս գոր­ծե­ցին 209 ընտ­րա­տե­ղա­մա­սեր։ Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ընտ­րող­նե­րու 60.86 տո­կո­սը մաս­նակ­ցած է քուէար­կու­թեան։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը ամ­փո­փած էր ընտ­րու­թիւն­նե­րու սկզբնա­կան ար­դիւն­քը՝ 1987 ընտ-­­րա­տե­ղա­մա­սէ ե­լեկտ­րո­նիկ մի­­ջոց­նե­րով ի­րեն հա­սած տուեալ­նե­րուն հի­ման վրայ։ Այս­պէս, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՀՀԿ) ստա­ցած է քուէ­նե­րուն 49.19 տո­կո­սը։ Երկ­րորդ կար­գի վրայ է՝ «Ծա­ռու­կեան» դա­շին­քը, որ ա­պա­հո­ված է ձայ­նե­րուն 27.35 առ հա­րիւ­րը։ Կը յա­ջոր­դէ «ԵԼՔ» դա­շին­քը, որ ստա­ցած է ձայ­նե­րու 7.75 տո­կո­սը։ Նուա­զա­գոյ­նի պատ­նէ­շը յաղ-­թա­հա­րած վեր­ջին կու­սակ­ցու­թիւնն է Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, որ քուէ­նե­րուն 6.60 տո­կո­սը ստա­նա­լով զբա­ղե­ցու­ցած է չոր­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նը։

Բա­ցի այս չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն, «Օ­հա­նեան-Րաֆ­ֆի-Օս­կա­նեան» դա­շին­քը ստա­ցած է 2.07 տո­կոս ձայն, «Հայ­կա­կան վե­­րած­նունդ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ 3.71 տո­կոս ձայն, «Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէս-ՀԺԿ» դա­շին­քը 1.65 տո­կոս ձայն, Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թիւ­նը 0.75 տո­կոս ձայն եւ «Ա­զատ դե­մոկ­րատ­ներ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ 0.94 ձայն։

Ա­ռա­ջին ար­դիւնք­նե­րու հրա­պա­րա­կուե­լէն վերջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան բան­բեր Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նով, որ յայտ­նեց, թէ եր­կի­րը յա­ջո­ղած է նոր ընտ­րա­կան օ­րէնսգր­քի հի­ման վրայ կազ­մա­կեր­պել ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, թա­փան­ցիկ, մրցակ­ցա­յին ընտ­րու­թիւն­ներ։ «Կրնանք շնոր­հա­ւո­րել մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տան յա­ջո­ղե­ցաւ նոր ընտ­րա­կան օ­րէնսգր­քի հի­ման վրայ կազ­մա­կեր­պել ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, թա­փան­ցիկ, մըր-ցակ­ցա­յին ընտ­րու­թիւն­ներ։ Սա բո­լո­րիս յա­ջո­ղու­թիւնն է։ Ան­կախ այն հան­գա­ման­քէն քա­նի դա­շինք ու կու­սակ­ցու­թիւն կ՚ըլ­լայ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ անքն­նե­լի է։ Հա­յաս­տան կ՚ըն­թա­նայ բազ­մա­կար­ծու­թեան ու խորհր­դա­րա­նա­կա­նու­թեան զար­գաց­ման ճա­նա­պար­հով», ը­սաւ Շար­մա­զա­նով։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Շար­մա­զա­նով անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ այլ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու հետ հա­մա­խո­հու­թիւն կազ­մե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան։ Ան յայտ­նեց, որ չի փա­փա­քիր ա­ճա­պա­րել, սա­կայն սկզբնա­կան տուեալ­նե­րով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նի բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­ռա­վա­րու­թիւն ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մար։ Ըստ ի­րեն, ՀՀԿ­-ի եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­կա­րա­ժամ­կէտ են ու ռազ­մա­վա­րա­կան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017