ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

Այս տարի, Արցախի մէջ առաջին անգամ, պիտի կազմակերպուին ասեղնագործութեան դասընթացքներ:

Artsakhpress.am-ի հաղորդմամբ, Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արուեստներու բաժնի վարիչ Երազիկ Դանիէլեան՝ նշած է, որ դասընթացքներուն կրնան մասնակցիլ բոլոր փափաքողները՝ առանց տարիքային սահմափակման:

«Դասընթացքներու թեման պիտի ըլլայ արցախեան ասեղնագործութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութենէն պիտի հրաւիրուին համապատասխան մասնագէտներ, քննարկումները ընթացքի մէջ են: Ասեղնագործութեան դասընթացքներուն առաջին օրը՝ մասնագէտները հանդէս պիտի գան դասախօսութեամբ, որուն պիտի յաջորդեն գործնական աշխատանքները», ըսած է Երազիկ Դանիէլեան:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018