ՆԵՐԿԻԶԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԻՐՔԸ

Վերջերս լոյս ընծայուեցաւ մոնթրէալաբնակ Ներկիզեան գիտնական եղբայրներու ֆրանսերէն լեզուով պատրաստած դասագիրքը, որ թէ՛ համալսարանական ուսանողներու եւ թէ հետազօտութիւններ կատարող մասնագէտներու կը հայթայթէ համակարգչային օժանդակութեամբ հիմնական գիտելիքներ եւ ելեկտրականութեան ճարտարարուեստի նորագոյն կիրարկումներու մանրամասն տեղեկութիւններ, բարդութիւններ կանխելու եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու միջոցներ: Աւելի քան ինն հարիւր էջերէ բաղկացած եւ մանրամասն բացատրական նկարներով ճոխացած այս գիրքը ունի նաեւ մօտաւորապէս 300 էջնոց բաժին մը՝ գործնական օրինակներով, հարցերու լուծումի որպէս վարժութիւններ:

Փրոֆ. Շահէ Ներկիզեան դասախօս է École Polytechnique de Montréal-ի մէջ: Նոյն հաստատութենէն Engineering-ի աստիճանով շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Մըք Կիլ համալսարանէն ստացած է Մեթրիզի վկայական եւ ապա INRS-էն ստացած է տոքթորական աստիճան՝ Télécommunications-ի ճիւղին մէջ:

Փրոֆ. Վահէ Ներկիզեան կը դասաւանդէ Մոնթրէալի École de technologie supérieure-ի մէջ: Engineering-ի աստիճան ստացած է École Polytechnique de Montréal-ի ելեկտրական ճարտարարուեստի բաժնին մէջ եւ Մեթրիզի վկայական՝ Մըք Կիլ համալսարանէն ու ապա տոքթորականի աստիճան՝ Մոնթրէալի Քոնքորտիա համալսարանէն Microsystèmes-ի ճիւղին մէջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018