ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Երբ համայն մարդկութեան հետ հայութիւնը կը դիմագրաւէ այս համաճարակը, Պերճ Սեդրակեան յայտարարութեան մէջ կրկնեց ՀԲԸՄ-ի վաղեմի կարգախօսը. «Միութիւնը զօրութիւն է»։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլոր հայերը յանձնառու ըլլան իրենց համայնքներէն ներս ծառայութեան եւ այսպէսով պիտի յաղթահարուի ներկայ իրավիճակը։ Սեդրակեան յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը պատմութեան տեւողութեան յաղթահարած է բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնք առաջին հայեացքով անյաղթահարելի կը թուէին։ «Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ ի վիճակի է իր հաւաքական կեանքը մեծ փոփոխութիւններու յարմարեցնելու՝ նոյնիսկ եթէ անոնք պարտադրուած ըլլան մեզի», յայտարարեց Սեդրակեան։

ՀԲԸՄ-ի նախագահը կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը խնամեն ինքզինքնին եւ իրենց մերձաւորները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020