ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔ

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս տարի Վալեթթան Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաքն է եւ այդ ծիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ երաժշտական մեծ փառատօն մը։ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը յատուկ հրաւէրով մասնակցեցաւ այս փառատօնին եւ համերգաշարով մը հանդէս եկաւ Մալթայի մէջ։ Այս ծրագիրը գերազանց արդիւնք ունեցաւ խումբին տեսակէտէ։ Արդարեւ, մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց օտար ունկնդիրներու առջեւ։ Միեւնոն ժամանակ, փառատօնի ընթացքին ապահովուած ձեռքբերումները համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կ՚ուրուագծեն նուագախումբին առջեւ։

Փառատօնի օրերուն Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ ջութակահար Մաքսիմ Վենկերովի հետ։ Վալեթթայի մէջ ունկնդիրներուն ներկայացուեցաւ Չայքովսքիի ստեղծագործութիւններէն բաղկացեալ երգացանկ մը։ Այս փորձառութիւնը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեան եւ յայտնի ջութակահար Մաքսիմ Վենկերով սկսին քննարկել ապագայի վերաբերեալ նոր ծրագրեր։ Որպէս պաշտօնական նուագախումբ Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնին մասնակցած նուագախումբը հերթական անգամ փաստեց իր կարողութիւններն ու ընդունակութիւնները։ Վալեթթայի մէջ Մաքսիմ Վենկերով յոյս յայտնեց, թէ պիտի կարենայ համոզել մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանը՝ որպէսզի միասնաբար կատարեն Պախի՝ երկու ջութակի համար նախատեսուած կրկնակի համանուագը։

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018