ԵՐԿՈՒ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ

Ռուսաստանի Քասփիյսք քաղաքին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութիւնը։ Երէկ, այս մրցաշարքի ծիրէն ներս, Հայաստանի հաւաքականէն Արթուր Ալեքսանեան չորրորդ անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Յունահռոմէական ոճի մէջ հայ ըմբիշը աւարտական խաղին պարտութեան մատնեց Սերպիայէն Միխէյիլ Քաճայան՝ 7-0 արդիւնքով։ Արթուր Ալեքսանեան ծանօթ է սպիտակ արջ անունով, ցայսօր երեք անգամ ալ եղած է աշխարհի ախոյեան, նաեւ նուաճած է ողիմպիականներու ոսկէ մետայլ։

Մարզական մեկնաբանները Արթուր Ալեքսանեանի նուաճած ոսկէ մետայլին կապակցութեամբ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն կարեւոր հանգամանքի մը վրայ։ Արդարեւ, Արթուր Ալեքսանեան ախոյեան դարձած է ամբողջ մրցաշարքի ընթացքին առանց նոյնիսկ մէկ միաւոր կորսնցնելու։

Նոյն մրցաշարքի ընթացքին, դարձեալ յունահռոմէական ոճի մէջ Հայաստանի հաւաքականէն Մաքսիմ Մանուկեանն ալ նուաճեց ոսկէ մետայլ։ Մաքսիմ Մանուկեան, որ նախապէս նուաճած էր աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը, առաջին անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Եզրափակիչ խաղին Մաքսիմ Մանուկեանի մրցակիցն էր Սպիտակ Ռուսիայէն Վիքթոր Սասունովսքի։ Մաքսիմ Մանուկեան յաղթանակ տօնեց 9-0 հաշուով։

Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյենութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018