ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇՐՋԱՆԻՆ ԿՐՆԱՅ ԱՅՑԵԼԵԼ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ շրջանին հաւանաբար այցելէ Իսթանպուլի նահանգապետարան։ Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն վերջ առիթն ունեցանք զրուցելու Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ, որ մեզի հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ այն շփումներուն մասին, որոնք ներկայիս յառաջ կը տարուին պաշտօնական մարմիններուն հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, պետական մարմինները բանաւոր հարթութեան վրայ տուած էին այն ազդանշանը, թէ պիտի ճանչնան Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը որպէս տեղապահ, սակայն ցայսօր գրաւոր որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի այս մասին։ Թէ ինչպէ՞ս իրադարձութիւնները պիտի շարունակուին այս առանցքին շուրջ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ զրուցելու ընթացքին փորձեցինք պարզել համապատասխան մանրամասնութիւնները։

Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը մեզի տեղեկացուց, որ սոյն հարցին շուրջ ձեռնարկուած է որոշ աշխատանքի ու մշակուած են կարգ մը շփումներ։ Ներկայիս որդեգրուած է ճանապարհ մը, ինչ որ յստակեցուած է պատկան իշխանութիւններու հետ մշակ-ւած շփումներու լոյսին տակ։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Իսթանպուլի կուսակալութեան պիտի ներկայացուի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարականի նամակը։ Սա այն նամակն է, որ միջոց մը առաջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուղարկած էր Քէօլն, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ տեղեկացնելով, որ որոշած էր տեղապահին յանձնել Պատրիարքական Աթոռին ղեկը եւ զինքը հրաւիրած էր Իսթանպուլ։ Այդ նամակի հիման վրայ արդէն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ այժմու նոր փուլը ծնունդ առած էր։

Ըստ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի բացատրութիւններուն, հիմա այդ նամակի պատճէնը պիտի ներկայացուի Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Բաց աստի, նահանգապետարանի նկատառման պիտի յղուին նաեւ այլ շարք մը փաստաթուղթեր եւ այսպէսով ցարդ Պատրիարքական Աթոռին եւ պատկան իշխանութիւններուն միջեւ յառաջացած տեղեկատուութեան հոսքի ընթացակարգային պակասը լրացուած պիտի ըլլայ։ Կուսակալութեան ներկայացուելիք փաստաթուղթերը պիտի ցոլացնեն 26 Հոկտեմբեր 2016 թուականին գումարուած Եկեղեցականաց համագումարէն ի վեր արձանագրուած զարգացումները։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի՝ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հանգստեան կոչուելուն, Պատրիարքական Աթոռի թափուր հռչակուելուն, նոր գահակալի մը ընտրութեան աշխատանքներու ձեռնարկուելուն, հանգստեան կոչուած պատրիարքի առողջապահական վիճակին վերաբերեալ բժշկական մասնագիտական տեղեկագրին, անոր համար խնամատարի նշանակման վերաբերեալ դատավճռին եւայլն։ Այս ամբողջին վերաբերեալ թըղ-թածրար մը պիտի ներկայացուի Իսթանպուլի կուսակալութեան։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ մեզի յայտնեց, թէ պիտի փորձեն այնպէս մը կազմակերպել, որ այդ փաստաթուղթերը կուսակալութեան ներկայացուին անձամբ տեղապահին կողմէ։ Այսինքն, ջանքեր պիտի գործադրուին՝ որպէսզի Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ժամադրութիւն մը ունենայ նահանգապետարանէն եւ այնտեղ ներկայանալով թէ՛ յանձնէ թղթածրարը եւ թէ ընդունուի կուսակալին կողմէ։ Այսպէսով, մէկ քայլով մէկէ աւելի հարց լուծել կարելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ կուսակալութեան հետ այս հաւանական շփումը պիտի նշանակէ, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այլեւս որպէս երկխօս կ՚ընդունուի պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017