ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչ Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտը։ Ինչպէս ծանօթ է, 14 յունիսին Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած է նախագահ Էրտողանի հանդիպումը ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Այս տեսակցութեան ընդառաջ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ շփումները խտացած են եւ քննարկումներու ընթացքին կը նախապատրաստուի երկու ղեկավարներու հանդիպումը։ Պեշթեփէի երէկուան հանդիպման ընթացքին Իպրահիմ Քալընի կողքին էր ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու։ Ներկայ էր նաեւ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի, Պաղեստինի, Իրանի եւ Իրաքի վերաբերեալ խնդիրներու կտրուածքով։ Բաց աստի, կողմերը կանգ առին գաղթի, մարդասիրական օժանդակութիւններուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերուն վրայ։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ ՄԱԿ-է ներս Թուրքիա-ԱՄՆ համագործակցութիւնը։

Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման գործընթացի վերակենդանացման տեսակէտէ կարեւորուեցաւ նոր սահմանադրութիւնը մշակելիք կոմիտէի աշխատանքներուն խրախուսուիլը, ազատ ու արդար ընտրութեան մը միջավայրի ապահովուիլը։ Թուրք եւ ամերիկեան կողմերը ընդգծեցին նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններով պայմանաւորուած անվտանգութեան սպառնալիքներու դէմ համագործակցութեան եւ համատեղ պայքարի կարեւորութիւնը։ Կողմերը համակարծիք գտնուեցան, թէ գաղթի խնդիրներուն շուրջ հասարակաց պատասխանատուութիւնով պէտք է վարուին։ Գլխաւորութեամբ Իտլիպի, տարածքաշրջանէ ներս գաղթականներու հաւանական նոր ալիք մը պատճառ կրնայ դառնալ աւելի մեծ մարդասիրական տագնապներու եւ անկայունութիւններու։ Երէկուան քննարկումներուն ժամանակ նշուեցաւ, որ Թուրքիոյ վրայով դէպի Սուրիա ՄԱԿ-ի միջոցաւ անդրսահմանային մարդասիրական օժանդակութեան ուղարկման համար արգելքները պէտք է վերցուին եւ այս ուղղութեամբ համատեղ ջանքեր պէտք է գործադրուին։

Թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուեցաւ նաեւ, որ Պաղեստինի մէջ կեանքի պէտք է կոչել երկու պետութեան հիմքով լուծում մը։ Պաղեստինցիներու իրաւունքներու երաշխաւորման համար միջազգային հանրութիւնը եւ ՄԱԿ-ը պէտք է աւելի աշխոյժ ու վճռական դերակատարութիւն մը ունենան։ Կողմերը համակարծիք գտնուեցան, որպէսզի ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս Թուրքիա-ԱՄՆ դիւանագիտական համագործակցութիւնը շարունակուի՝ Լիպիոյ, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի նման տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներու շուրջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման նպատակով։ Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Աֆղանիստանէ ներս հաշտութեան գործընթացի արագացման համար համատեղ նախաձեռնութիւններուն թափ պէտք է տրուի։

Քալըն եւ Կրինֆիլտ արժեւորեցին նաեւ Էրտողան-Պայտըն մօտալուտ տեսակցութեան օրակարգային հարցերը։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021