ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ  Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի երդման արարողութեան։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս, վերընտրեալ նախագահի նոր շրջանի պաշտօնամուտին առթիւ մեծահանդէս արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, որուն հրաւիրուած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ 

Պեշթեփէի մէջ Նիկոլ Փաշինեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Արա Գօչունեան ունեցան ոտքի վրայ կարճ զրոյց մը։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2023