ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԼՈՆՏՈՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ պի­տի այ­ցե­լէ Լոն­տոն եւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս պի­տի գայ Անգ­լիոյ Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ար­քու­նի կա­ճա­ռին մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րով ան պի­տի խօ­սի Chatam House-ի եր­դի­քին տակ, ինչ որ զայ­րոյթ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Պա­քուի մօտ։ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս կա­պակ­ցու­թեամբ բո­ղո­քի նա­մակ մը յղած է Անգ­լիոյ։ Պա­քուի մօտ Անգ­լիոյ դես­պան Իր­ֆան Սիտ­տինկ նա­խըն­թաց օր հրա­ւի­րուած է Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։ Այս առ­թիւ Փոխ-նա­խա­րար Խա­լաֆ Խա­լա­ֆով դես­պա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր կա­ռա­վա­րու­թեան բո­ղո­քի նա­մա­կը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի՝ Անգ­լիա հրա­ւիր­ման կա­պակ­ցու­թեամբ, ինչ որ դարձած է դիւանագիտական դէպք մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015