ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐ

Այս շաբաթավերջին Համպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովը։ Գերմանիոյ ղեկավարութիւնը 7-8 Յուլիսին պիտի հիւրընկալէ աշխարհի մեծագոյն քսան տնտեսութիւններու տէր երկիրներուն ղեկավարները։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ պիտի մասնակցի այս կարեւոր գագաթաժողովին, որուն ընդառաջ Համպուրկի մէջ անվտանգութեան խիստ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին ոստիկանութեան կողմէ։

Համպուրկի գագաթաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ միջազգային օրակարգի բոլոր հրատապ խնդիրներուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկման։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին կարեւոր հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Էրտողան ամերիկացի պաշտօնակցին հետ քննարկեց Քաթարի ճգնաժամը, իսկ ռուս պաշտօնակցին հետ՝ Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Բնականաբար, երկու հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ալ արծարծուեցան մէկէ աւելի խնդիրներ, սակայն հաղորդումները կը ցոլացնեն հիմնական առաջնահերթութիւնները։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին նաեւ, որ G-20-ի գագաթաժողովի օրերուն, Էրտողան Համպուրկի մէջ առանձին հանդիպումներ ալ պիտի ունենայ Թրամփի եւ Փութինի հետ։ Մինչ այդ, Անգարայի ղեկավարութիւնը զանազան հարթութիւններու վրայ Մոսկուայի հետ կանոնաւոր շփման մէջ կը մնայ Սուրիոյ հիմնախնդրին շուրջ։ Այսպէս, Էրտողան շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկուն։ Թարապիոյ «Հուպէր» նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ  զօրավար Հուլուսի Աքար, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, նախագահի բանբերը Իպրահիմ Քալըն եւ այլ պաշտօնատարներ։ Փութինի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցէն անմիջապէս վերջ տեղի ունեցաւ Էրտողանի հանդիպումը Շոյկուի հետ։ Զրոյցը տեւեց երկու ժամ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան-Շոյկու հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ եւ Քաթարի հրատապ իրադարձութիւնները։ Ռուսական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ կարեւորութեամբ անդրադարձան այս հանդիպման։ Ըստ այդ հաղորդումներուն, Թուրքիա ռուսական կողմէն կը պահանջէ ետ քաշել Սուրիոյ Աֆրինի շրջանի զօրքերը՝ քանի որ այնտեղ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի տիրապետութեան տակ կը գտնուի։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Պոկտանովն ալ յայտարարեց, որ 4-5 Յուլիսին Աստանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ նախատեսուած բանակցութիւններէն Մոսկուա կ՚ակնկալէ շօշափելի համաձայնութիւններ։ Անվտանգ գօտիներու ձեւաւորման ծրագիրը կեանքի կոչելու համար պէտք է ապահովուին յստակութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ Մոսկուա կարեւոր դերակատարութիւն կը վերագրէ երաշխաւոր երկիրներուն, որոնց շարքին Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ կը գտնուի նաեւ ինքը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2017