ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Փեքինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինի հետ։ Երկու նախագահները առաջին հերթին ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Շուրջ մէկ ժամ տասն վայրկեան տեւեցին քննարկումները, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Անգարա-Փեքին համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան Փեքինի մէջ ընդգծեց, որ թուրք-չինական համագործակցութեան զարգացումը ունի մեծ ներուժ մը։ Ըստ իրեն, երկու երկիրները հազարաւոր տարիներու անցեալով յարաբերութիւններ ունին եւ պատմական Մետաքսի ճանապարհով իրարու կապուած վաղեմի քաղաքակրթութիւններու հիման վրայ կը շարունակեն մերօրեայ բարեկամութիւնը։ Էրտողան ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն յաճախակիօրէն կը մէկտեղուին Ցինփինի հետ եւ կ՚ունենան խորհրդածութիւններ։ «Համաձայն գտնուած ենք, որպէսզի Թուրքիա-Չինաստան յարաբերութիւնները բոլոր բնագաւառներէ ներս ամրացնենք երկարաժամկէտ հասկացութիւնով մը եւ ռազմավարական հայեացքով», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Փեքին կատարած իր հերթական այցելութիւնը այս անգամ կը զուգադիպի համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղեալ փորձութիւններու տեսակէտէ ծանր ժամանակաշրջանի մը։ Նախագահը համոզուած է, որ թուրք-չինական յարաբերութիւններու ամրապնդումը մեծ ու տարբեր նպաստ մը պիտի ապահովէ տարածքաշրջանի եւ համաշխարհային կայունութեան ի նպաստ։

Իր կարգին, Չինաստանի ղեկավարն ալ յիշեցուց, որ տակաւին քանի մը օր առաջ Ճաբոնի մէջ նախագահ Էրտողանի հետ մասնակցութիւն բերած էին «G-20»ի գագաթաժողովին։ Ան ընդգծեց, որ Էրտողանի հետ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան հասարակաց շահերու եւ մտահոգութիւններու հիման վրայ երկկողմանի, տարածքաշրջանային եւ միջազգային հիմնախնդիրներու շուրջ։ Ցի Ցինփին ռազմավարական որակեց թուրք-չինական յարաբերութիւնները եւ ընդգծեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը, որպէսզի անոնք հունաւորուին թրքական կողմին հետ ծրագրաւորուած ձեւով։ Արդարեւ, բացի երկկողմանի յարաբերութիւններէ, միւս խնդիրներու շուրջ եւս երկու երկիրներու շահերու հաշուի առնուիլը կը ներկայացնէ կարեւորութիւն։

Փեքինի մէջ Ցի Ցինփին պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ սարքեց ի պատիւ նախագահ Էրտողանին, որու ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմէին բազմաթիւ նախարարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019