ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ ՈՐՈՇԵՑ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ «G-7»Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի յառաջիկայ աշնան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախատեսուած «G-7»ի գագաթաժողովին։ Միջոց մը առաջ զանգուածային լրատուութեան միջոցները հաղորդումներ կատարած էին, թէ Մերքէլ պիտի հրաժարի այդ գագաթաժողովին մասնակցելէ։ Երէկուան յայտարարութիւններով Անկելա Մերքէլ հասկնալի դարձուց, որ պիտի մասնակցի գագաթաժողովին։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հրապարակումներուն պատճառ դարձած էին՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ միջոց մը առաջ կատարուած վիրաւորական յայտարարութիւնները Անկելա Մերքէլի հասցէին։

«Մենք միշտ, ուր որ ըլլայ նման հնարաւորութիւն, պէտք է համատեղ աշխատինք։ «G-7»ի եւ «G-20»ի ձեւաչափերը լաւ հնարաւորութիւն են այս ուղղութեամբ՝ երբ նոյնիսկ առկայ է կարծիքի տարբերութիւն», ըսաւ Մերքէլ եւ աւելցուց, որ ինք կողմնակից է բազմակողմանիութեան եւ անոր բոլոր կողմնակիցները պարտաւոր են ներդնել իրենց աւանդը։

Միւս կողմէ, Մերքէլ յայտարարեց, որ Եւրոպա պատմութեան ամենադժուար կացութիւնը կը դիմագրաւէ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մերքէլ երէկ տեսաժողով մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հետ։ Տեսաժողովին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին գերմանացի շանսէօլիէն դիտել տուաւ, որ քորոնաժահրը տակաւին չէ անհետացած, սակայն անոր հետ ապրիլը մարդիկ հետզհետէ աւելի լաւ կը սորվին։ Տնտեսութեան տուեալները ցոյց կու տան, որ Եւրոպա պատմութեան ամենադժուար ժամանակաշրջանին մէջ կը գտնուի։

Հարկ է նշել, որ յուլիսի 1-ի դրութեամբ Գերմանիա դարձած է Եւրոմիութեան խորհուրդի շրջանային նախագահը։ Ըստ Մերքէլի, գերմանական նախագահութիւնը օրակարգի վրայ առած է համաճարակի յաղթահարումը։ Առաջնահերթութիւններու շարքին են կլիմայի ապագայ պահպանութիւնը եւ թուայնացումը։ Ըստ Անկելա Մերքէլի, այս բոլորին շուրջ առաջարկներ կ՚ակնկալուին Եւրոյանձնաժողովէն։

Եւրոմիութենէ ներս ելմտական հարցերու շուրջ համաձայնութեան հասնելէ վերջ, ըստ Մերքէլի, օրակարգի վրայ պիտի բերուին նաեւ գաղթականութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ առաջարկներ։ Այս ուղղութեամբ զարգացումի մը արձանագրուիլը պիտի ըլլայ դրական։ Գերմանացի վարչապետը կողմնակից է, որ աննախընթաց այս տագնապին տրուելիք պատասխանն ալ ըլլայ ամուր եւ շատ աւելի տարբեր։ Բոլորը կը գիտակցին նաեւ, որ այս ուղղութեամբ ժամանակը շատ կարեւոր է։ Մնաց որ, համապատասխան բանակցութիւններն ալ պիտի ըլլան դժուար։ Մերքէլի կանխատեսումներով, լաւ կ՚ըլլայ, եթէ ներկայ ամսուան մէջ համաձայնութիւն մը գոյանայ։

Այս ամսուան կէսերուն Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է ԵՄ-ի գագաթաժողովը։ Մերքէլ կը ձգտի այս հանդիպման ընթացքին ԵՄ-ի պիւտճէին եւ փրկութեան ֆոնտին շուրջ համաձայնութիւն մը ապահովել։ Ան դիտել տուաւ, որ այս ուղղութեամբ խտացեալ ձեւով պիտի աշխատի։ «Այս ամառ պէտք է գոյանայ համաձայնութիւն մը։ Այլընտրանք մը չեմ պատկերացներ», ըսաւ Մերքէլ։

Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնն ալ նշեց, որ Գերմանիա շատ բախտորոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ ստանձնած է ԵՄ-ի խորհուրդի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ «Այս վեց ամիսը ԵՄ-ի ապագան պիտի բնորոշէ։ Այս գործընթացին մէջ ջանքեր պիտի գործադրուին փրկութեան ծրագրին եւ ԵՄ-ի յաջորդ եօթ տարուան պիւտճէին համար», յայտնեց Եւրոյանձնաժողովի նախագահը։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020