ԲՆԻԿ-ՈՉ ԲՆԻԿ ՆԻՒԹԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՋՈՒՐԻ ԵՐԵՍ. ԱՄՕԹԱԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ

Օրեր առաջ Հայաստանի մէջ հրապարակ հանուեցաւ գոյքահարկի յաւելումներու նոր նիւթ մը, որ մտահոգութիւն պատճառեց մասնաւորապէս Երեւան քաղաքի կեդրոնին մէջ բնակողներէն շատերուն, անոնց մանաւանդ, որոնք ունէին իրենց նախահայրերէն ժառանգ մնացած բնակարաններ եւ ըստ նոր օրէնքին՝ պարտաւորուած պիտի ըլլային որպէս գոյքահարկ մեծ գումարներ վճարել։

Բացի այս օրակարգի բարձրացումէն, չես գիտեր ուրկէ եւ ինչպէս ջուրի երես կ՚ելլէր բնիկ-ոչ բնիկ ըլլալու խնդիրը, որ նոյն օրակարգը շեղելով կը ստեղծէր բաւական տհաճ դրութիւն մը, որուն մասին ալ գրեցի յաջորդող տողերուն մէջ։

Վստահ եմ, թէ Երեւանի մէջ գոյքահարկի այս պատմութենէն վրդոված շատ յարգելի անձնաւորութիւններ (որոնց մէջ ունիմ բացառիկ ընկերներ) երբեք պիտի չկամենային, որ այս հարցը այսպէս ճանապարհ երթայ։

Ժողովուրդ դուք կը հասկնա՞ք ինչի մասին է խօսքը…

Ի՞նչ կը նշանակէ բնիկ ժողովուրդի մը զաւակին, որուն պապերը հինգ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ Վանէն անցած են Ուրֆա, հոն տուն-տեղ եղած, երդիք կապած ու արիշ հասցուցած։

Ի՞նչ ըսել է բնիկ մէկու մը, որուն մեծ մեծ հօր հայրը ոտքով հատած է Եփրատի ջուրերը եւ շնորհիւ լաւ քրտերէն իմանալու՝ ապահով կէս-կեանք կէս-մահ վիճակով հասեր է Ճերապլուս, հոն նստած ծառի մը տակ եւ ապրած ողջ ողբերգութիւնը մէկդի նետելով մտածեր է, որ պէտք չէ պարտուիլ կեանքէն ու պէտք է պայքարիլ մինչեւ վերջ...

Ի՞նչ ըսել է բնիկ մէկու մը, որուն նախահայրերը ապրած ու կերտած են կեանք ու մշակոյթ ժամանակի մը մէջ, երբ Երեւան քաղաք հասկացողութիւնը ոչ իսկ կար օդին կամ հայու երեւակայութեան մէջ...

Ի՞նչ ըսել է բնիկ, մէկու մը համար, որուն մեծ հայրը խանձարուրէն մինչեւ Պէյրութ քաղաքի կեդրոնական հրապարակները, իր ընկալումներուն մէջ միշտ ալ ունեցած է Մեծ Հայաստանի մը մէջ ապրելու տեսլականը։

Ի՞նչ կը նշանակէ բնիկ, մէկու մը համար, որ Պուրճ Համուտէն մինչեւ Զանգելան, Շուշի եւ Ստեփանակերտ վարուած ու ապրած է մէկ հողի, մէկ երակի, մէկ արեան մէջէն անցնող ու մաքառող մարտիկներու աւիշով։

Ձեր արեան հարցուցա՞ծ էք, թէ իրաւամբ բնիկ արիւն է, տեղացի արիւն է, եկուո՞ր է արդեօք, կամ կայ ի բնէ, սկիզբէն, աստղերու եւ հողմերու ժամանակէն ու այն ատենէն երբ մեր արտերու ոսկի ցորեաններուն մէջ գինիի տեղ արիւն կը լեցուէր...

Հարցուցէ՛ք մէյ մը, որ այս կապոյտին տակ ապրող, իր թոքերը լայն բացող եւ Աստուծոյ լոյսը փառաւորող ո՛ր մարդը բնիկ է, որը՝ ոչ։

Ամօթ է իրապէս. ժամանակի մը, երբ բոլոր տեղայնական վարագոյրները եւ պատնէշները կ՚իյնան, մենք ելեր ենք մութին, աշտանակը վար կ՚առնենք։

Մենք բոլորս բնիկ ենք ու այդ ամէն ինչը տարիներու, թիւերու, արմատներու եւ ժամանակի կշիռով պիտի չափուի։

Այդ բնիկ ըլլալը զգացողութենէն աւելի պատկանիլ է, հաւատալ է, մնալ է, հողին հետ կիսուիլ է, հողին համար խօսիլ է, պայքարիլ է...

Ամօ՛թ է, վերջ տուէ՛ք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020