ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյ եւ Առողջապահութեան նախարարութենէն իրաւասուներ երէկ այցելեցին Պերլին։ Չավուշօղլու այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի կողմէ։ Գերմանիա ի զօրու կը պահէ նախազգուշացումները, որպէսզի իր քաղաքացիները Թուրքիա չայցելեն։ Թէեւ արգելք մը չի գործադրուիր, սակայն Թուրքիա այցելած գերմանահպատակները երկիր վերադարձին պարտաւոր են 14 օրուայ մեկուսացման շրջանէ մը անցնելէ, ինչ որ գործնական գետնի վրայ կը յառաջացնէ լուրջ դժուարութիւն։ Անգարայի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տանի, որպէսզի Գերմանիա Թուրքիոյ պարագային այդ զգուշացումները դադրեցնէ։ Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկած է այս հարցը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Մաաս հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Չավուշօղլու այս առթիւ կրկնեց թրքական կողմի սպասումը։ Իսկ Հէյքօ Մաաս յայտնեց, որ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղած են։ Այդ բոլորը նախ Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ պիտի արժեւորուին, ապա Եւրոյանձնաժողովի նկատառման պիտի յանձնուին։ Ըստ գերմանացի նախարարին, կարելի չէ կանխատեսել, թէ ԵՄ ինչպիսի որոշում մը պիտի առնէ, հետեւաբար ճիշդ պիտի չըլլայ նախապէս կարծիք յայտնելը։ Ան յիշեցուց, որ Եւրոմիութիւնը երկու շաբթուան պարբերութիւնով պիտի թարմացնէ ցուցակը այն երկիրներուն, ուր այցելութիւններու պարագային զգուշացումներ պիտի չըլլան։

Միեւնոյն ժամանակ Հէյքօ Մաաս նշեց, որ Արեւելեան Միջերկրականի, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն տեսակէտէ Թուրքիա շատ կարեւոր գործընկեր մըն է Եւրոմիութեան տեսակէտէ։ Ըստ իրեն, Գերմանիա աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ շինիչ երկխօսութիւն մը հաստատուի։ Մաաս համոզուած է, որ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ պարագային քաղաքական լուծումի մը հասնելու ճանապարհին կարեւոր դերակատարութիւն կը վիճակի Թուրքիոյ։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020